«Ցաւով տեղեկացանք, թէ ինչպէս ոստիկանական ուժերը խոչընդոտած են Ամենայն հայոց կաթողիկոսի շքախումբին մուտքը Սարդարապատի յուշահամալիր, Մայիս 28-ի նուիրական օրը, երբ Հայոց հայրապետը եւ հոգեւորականաց դասը կ՚այցելէին համազգային նուիրական յուշակոթող՝ աղօթելու մեր հայրենիքի բարօրութեան համար, պանծացնելու յիշատակը հայրենեաց պաշտպան հայորդիներուն։
Սարդարապատի յաղթանակը կերտուած է համայն հայ ժողովուրդի հաւաքական կամքով, կենաց ու մահուան կռիւով։ Ան մեր ժողովուրդի միասնականութեան, յաղթանակներու եւ զարթօնքի խորհրդանիշն է, որու կերտման մասնակից եղած են նաեւ բազմաթիւ նուիրեալ հայ հոգեւորականներ։
Նախորդ տասնամեակներուն երբեք որեւէ դէպք չէ արձանագրուած, որ ոեւէ հայորդիի արգիլուի այցելել Սարդարապատի յուշահամալիր, առաւել եւս՝ Ամենայն հայոց կաթողիկոսին, որու այցին մասին նախապէս տեղեկացուած են պետական պատկան մարմինները։
Ոստիկաններու նմանօրինակ անյարիր վարքագիծը անարգանք է ամբողջ քրիստոնեայ հայութեան համար։
Կոչ կ՚ընենք պետական պատկան մարմիններուն ուշադիր եւ անաչառօրէն քննելու կատարուածը եւ պատասխանատւութեան ենթարկելու միջադէպի բոլոր մեղաւորները։
2024 Մայիս 28
Գերաշնորհ Տ. Յովնան արք. Տէրտէրեան՝ Առաջնորդ ԱՄՆ-ու Արեւմտեան թեմի,
Գերաշնորհ Տ. Խաժակ արք. Պարսամեան՝ Հայրապետական Պատուիրակ Արեւմտեան Եւրոպայի,
Գերաշնորհ Տ. Վիգէն արք. Այքազեան՝ Հայց. եկեղեցւոյ պատուիրակ,
Գերաշնորհ Տ. Մեսրոպ եպիսկ. Պարսամեան՝ Առաջնորդ ԱՄՆ-ու Արեւելեան թեմի,
Գերաշնորհ Տ. Աբգար եպիսկ. Յովակիմեան՝ Առաջնորդ Գանատայի թեմի,
Գերաշնորհ Տ. Յակոբ արք. Գլնճեան՝ Առաջնորդ Ուրուկուայի թեմի,
Գերաշնորհ Տ. Նարեկ եպիսկ. Պէրպէրեան՝ Առաջնորդ Պրազիլի թեմի,
Հոգեշնորհ Տ. Առէն վրդ. Շահէնեան՝ Առաջնորդական տեղապահ Արժանթինի թեմի,
Գերաշնորհ Տ. Հայկազուն արք. Նաջարեան՝ Առաջնորդ Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի թեմի,
Գերաշնորհ Տ. Յովակիմ եպիսկ. Մանուկեան՝ Առաջնորդ Մեծն Բրիտանիոյ եւ Իռլանտայի թեմի,
Հոգեշնորհ Տ. Գրիգոր վրդ. Խաչատրեան՝ Առաջնորդ Ֆրանսայի թեմի,
Գերաշնորհ Տ. Տիրան եպիսկ. Պետրոսեան՝ Հայրապետական պատուիրակ ի Կեդրոնական Եւրոպա եւ Սքանտինաւիա,
Գերաշնորհ Տ. Տաթեւ եպիսկ. Յակոբեան՝ Առաջնորդ Ռումանիոյ թեմի,
Գերաշնորհ Տ. Սերովբէ եպիսկ. Իսախանեան՝ Առաջնորդ Գերմանիոյ թեմի,
Գերաշնորհ Տ. Վարդան եպիսկ. Նաւասարդեան՝ Առաջնորդ Պալթեան երկիրներու թեմի,
Հոգեշնորհ Տ. Խորէն վրդ. Առաքելեան՝ Առաջնորդական տեղապահ Յունաստանի թեմի,
Հոգեշնորհ Տ. Գուսան ծ. վրդ. Ալճանեան՝ Առաջնորդական տեղապահ Զուիցերիոյ թեմի,
Գերաշնորհ Տ. Եզրաս արք. Ներսիսեան, Առաջնորդ Ռուսաստանի եւ Նոր Նախիջեւանի թեմի,
Գերաշնորհ Տ. Մովսէս արք. Մովսիսեան՝ Առաջնորդ Հարաւային Ռուսաստանի թեմի,
Գերաշնորհ Տ. Մարկոս եպիսկ. Յովհաննիսեան՝ Առաջնորդ Ուքրաինայի թեմի,
Գերաշնորհ Տ. Աշոտ եպիսկ. Մնացականեան՝ Առաջնորդ Եգիպտոսի թեմի,
Գերաշնորհ Տ. Օշական եպիսկ. Կիւլկիւլեան՝ Առաջնորդ Իրաքի թեմի,
Գերաշնորհ Տ. Արմաշ եպիսկ. Նալբանդեան՝ Առաջնորդ Դամասկոսի թեմի,
Գերաշնորհ Տ. Կիրակոս եպիսկ. Դաւթեան՝ Առաջնորդական տեղապահ Վրաստանի թեմի»
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։