Search
Close this search box.

Հայ գերիներու գնդակահարման զարհուրելի նոր տեսանիւթ մը

Ընկերային ցանցերու վրայ յայտնուած է Ազերպայճանցիներու տեղադրած զարհուրելի նոր տեսանիւթ մը, ուր ազերպայճանցի զինուորներ իրենց ինքնաշխատ հրացանները կը պարպեն հայ ռազմագերիներու վրայ։ 

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Արամ Թորոսեան մեկնաբանելով «Թելեկրամ»-ի ալիքներով տարածուած տեսանիւթը, յայտնած է.–

“Իսկութեան մասով, կարծում ենք, որեւէ կասկած չկայ, ադրբեջանական զինուած ուժերին բնորոշ ձեռագիրն է։ Այդ ձեռագիրը մեզ եւ միջազգային հանրութեան յայտնի է նախապէս տեղի ունեցած նոյնանման դէպքերի վերաբերեալ անհերքելի ապացոյցներից”։

Հայ գերիները գնդակահարելու տեսանիւթին հարցով Հոկտեմբեր 3-ին դիմումներ պիտի ուղարկուէին միջազգային դատարաններ

Միջազգային իրաւական հարցերու Հայաստանի ներկայացուցչի գրասենեակը հայ գերիները գնդակահարելու տեսանիւթին կապակցութեամբ Հոկտեմբեր 3-ին դիմումներ պիտի ուղարկէր միջազգային ատեաններ: Լուրը կը հաղորդէր գրասենեակի մամլոյ բանբեր Յասմիկ Սամուէլեան։

“Միջազգային իրաւական հարցերով ներկայացուցչի գրասենեակը զբաղւում է այսօր (Հոկտեմբեր 2) առաւօտեան տարածուած տեսանիւթով, որտեղ երեւում է հայ գերիների գնդակահարութիւնը։ Սա փաստօրէն պատերազմական յանցագործութիւն է։ 

Տեղեկացնեմ, որ այս պահին աշխատում ենք համապատասխան կառոյցների հետ։ Փաստերի համադրմամբ եւ յստակ ապացոյցներով Ադրբեջանի դէմ նոր դիմումներ կը ներկայացնենք Եւրոպական եւ ՄԱԿ-ի Արդարադատութեան միջազգային դատարաններ”,– ըսած է Սամուէլեան։

Թոյվօ Քլաար.– «Հայ գերիներու մահապատիժը պատերազմական ոճիր է եւ պէտք է պատժուի»

Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի ճգնաժամի հարցերու Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար «Թուիթըր»-ի իր հաշիւին գրած է.-

«Սարսափելի տեսանիւթ մը եւս յայտնուած է, ուր հայ ռազմագերիները ակներեւաբար մահապատիժի կ՚ենթարկուին։ Եթէ ապացուցուի, որ այդ տեսանիւթը իրական է, ապա՝ այդ մէկը պատերազմական ոճիր է, որ պէտք է քննարկուի եւ հեղինակները պէտք է պատժուին»,– շեշտած է եւրոպացի դիւանագէտը։

Ժընեւի մէջ Թոյվօ Քլաարի հետ հանդիպումին Միրզոյեան դատապարտած է Ազերպայճանի զինեալ ուժերու գործած պատերազմական ոճիրները

Հոկտեմբեր 2-ին աշխատանքային այցով Ժընեւ գտնուող Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան հանդիպում ունեցած է Թոյվօ Քլաարի հետ։

Նախարարը, ի միջի այլոց, խստօրէն դատապարտած է Ազերպայճանի զինուած ուժերուն կողմէ միջազգային իրաւունքի կոպիտ խախտումները եւ գործած պատերազմական ոճիրները, մասնաւորապէս` խաղաղ բնակչութեան եւ քաղաքացիական ենթակառոյցներու դիտաւորեալ թիրախաւորումը, հայ ռազմագերիներու անմարդկային խոշտանգումներն ու արտադատական սպանութիւնները, եւ շեշտած, որ մեղաւորները պէտք է համարժէք պատասխանատւութեան ենթարկուին եւ անոնց նկատմամբ պէտք է պատիժներ կիրարկուին։

Մարդկային իրաւանց պաշտպանին յայտարարութիւնը

Հայաստանի Մարդկային իրաւանց պաշտպանի գրասենեակը Հոկտեմբեր 2-ին հրապարակած է հետեւեալ հաղորդագրութիւնը.-

«Տեսանիւթի իսկութիւնն այս պահին պարզել ենք. այն նոր է, դէպքը տեղի է ունեցել սոյն թուականի Սեպտեմբերի 13-ին ադրբեջանական զինուած ուժերի կողմից Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքի նկատմամբ սանձազերծուած լայնածաւալ յարձակման ընթացքում։ Փաստը հաստատւում է տեղանքի ուսումնասիրութեան, տեսանիւթերի մեր եւ այլ շտեմարաններում առկայ համանման տեսանիւթերի հետ համա-

դրութեամբ, ինչպէս նաեւ եղանակային պայմանների, զինծառայողների համազգեստի, ադրբեջանցի ծառայողների խօսակցութեան եւ այլ փաստերի համալիր համադրութեամբ։

Սա ադրբեջանական զինուժի կողմից իրականացուած հերթական պատերազմական յանցագործութիւնն է, որի աղբիւրը հայատեացութեան հետեւողական քաղաքականութիւնն է, որն իրականացւում է Ադրբեջանի կողմից՝ դրսեւորուելով կրթական բովանդակութիւնից սկսած հանրային կեանքի բոլոր ոլորտներում եւ հէնց այդ երկրի նախագահի յայտարարութիւններում։ Այս արձանագրութիւններն ի դէպ նաեւ արուած են ՄԱԿ Ցեղային խտրականութեան վերացման հարցերով կոմիտէի՝ վերջերս Ադրբեջանի վերաբերեալ հրապարակուած զեկոյցում։

Այս տեսանիւթը, ի թիւս միւսների, կը ներառուի Մարդու իրաւունքների պաշտպանի արտահերթ զեկոյցում եւ կ՚ուղարկուի միջազգային կազմակերպություններին ու դերակատարներին։

Այսօր ՄԱԿ-ի օրացոյցում նշւում է “Բռնութեան դէմ պայքարի օրը”, սակայն պատերազմական այս յանցագործութիւնների վերաբերեալ միջազգային մարդու իրաւունքների լիազօրագիր ունեցող կառոյցների ոչ համարժէք արձագանգը ցաւօք ՄԱԿ-ի օրացոյցում միայն նման նոր օրեր լրացնելու վտանգ է պարունակում»։

Արման Թաթոյեան.– “Արտաքին աշխարհին ուղղուած միայն կոչերով ու պահանջներով այս հարցերում անհրաժեշտ արդիւնքի չեն հասնում”

Իրաւունքի եւ արդարութեան կեդրոն «Թաթոյեան» հիմնադրամի տնօրէն Արման Թաթոյեան՝ ազերպայճանական գազան զինեալներու կողմէ հայ ռազմագերիները գնդակահարելու տեսանիւթին առնչութեամբ, Դիմագիրքի իր էջին գրած է.-

«Հայաստանը պէտք է անյապաղ դիմի Միջազգային քրէական դատարան։ Առաջնահերթն Ադրբեջանի իշխանութիւնների, բանակի ու յատուկ ծառայութիւնների ղեկավարների միջազգային քրէական պատասխանատւութեան հարցն է։ Այս անձանց միջազգային քրէական հետապնդումը, նոյնիսկ առնուազն այդ գործընթացի նախաձեռնումը կարող է ունենալ կանխարգելող նշանակութիւն։

ՀՀ-ի դէմ ադրբեջանական շարունակուող այս զանգուածային պատերազմական յանցագործութիւնների պայմաններում դա պէտք է անել րոպէ առաջ։

Արտաքին աշխարհին ուղղուած միայն կոչերով ու պահանջներով այս հարցերում անհրաժեշտ արդիւնքի չեն հասնում։ Պէտք է գործադրել յստակ գործիքակազմեր»։