Search
Close this search box.

Հայ դատի Ամերիկայի յանձնախումբը Գոնկրէսին կոչ ուղղած է հետաքննելու նախագահ Պայտընի՝ Արցախին օժանդակութիւն չյատկացնելու հարցը

Հայ դատի Ամերիկայի յանձնախումբի նախագահ Րաֆֆի Համբարեան նամակով դիմած է ԱՄՆ-ու Ծերակոյտի եւ Ներկայացուցիչներու պալատի անդամներուն՝ կոչ ուղղելով հետաքննելու Պայտընի վարչակազմին կողմէ Արցախի ժողովուրդին մարդասիրական օգնութիւն չյատկացնելու հարցը, նկատի ունենալով որ Արցախ ենթարկուած է յարձակումի եւ ցեղային զտումներու, ինչպէս նաեւ ունի սնունդի, ջուրի, վառելանիւթի ու կենսական անհրաժեշտ այլ աղբիւրներու տագնապ։ Յղում ընելով «Արցախի Հայերը սովամահ տեսնելու Ազերպայճանի կառավարութեան մտադրութեան», Համբարեան ընդգծած է, որ՝ ամերիկեան վարչակազմը Արցախի մէջ ապրող հայ ընտանիքներուն մարդասիրական օգնութիւն գրեթէ չէ ղրկած։

Համբարեան նաեւ դիտել տուած է թէ՝ «Ամերիկա պէտք չէ մեղսակից ըլլայ Ազերպայճանի կողմէ իրագործուող Արցախի հայ բնակչութեան ցեղային զտումին»։ 

Յանձնախումբին գրութեամբ՝ ամերիկեան օրէնսդիրներէն պահանջուած է Արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի եւ Միջազգային զարգացման ամերիկեան գործակալութեան ղեկավար Սամանթա Փաուըրի միջոցով Պայտընի վարչակազմէն ստանալ հետեւեալ չորս հարցումներուն պատասխանները․-

– Պայտընի վարչակազմը ինչպիսի՞ շօշափելի քայլերո դիմած է՝ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ապրող եւ վտանգի տակ գտնուող հայերուն օգնելու համար։

– Ի՞նչ որոշակի գործողութիւններու ձեռնարկած է Պայտընի վարչակազմը՝ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ապրող եւ վտանգի տակ գտնուող Հայերուն օգնելու համար (ծրագրերու տրամադրում, գործընկերներու տուեալներ, պիւտճէ, ապրանքներ և համապատասխան այլ տեղեկատւութիւն)։

– Արդեօք Պայտընի վարչակազմը մարդկային ճգնաժամի մէջ գտնուող Արցախի հայ բնակչութեան կարիքներու գնահատականը կատարա՞ծ է։

– Պայտընի վարչակազմը որքա՞ն պիւտճէ բաւարար եւ նպատակայարմար համարած է Արցախի հայ բնակչութեան առջեւ ծառացած մարդկային ճգնաժամը յաղթահարելու համար:

Հայ դատի յանձնախումբի համակիրները, օգտագործելով յանձնախումբի համացանցային կայքի կարելիութիւնները, տասնեակ հազարաւոր նամակներ ղրկած են իրենց շրջաններու օրէնսդիրներուն՝ պահանջելով ամերիկեան օժանդակութիւն տրամադրել Արցախին։

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի կեդրոնական գրասենեակ

2022 Օգոստոս 23