Search
Close this search box.

Հայ դատի Ամերիկայի յանձնախումբը կ՚ողջունէ Արցախահայերու ինքնորոշման եւ վերադարձի իրաւունքներու վերաբերեալ ԱՄՆ-ու նախագահի թեկնածու Ռապըրթ Քենետիի յայտարարութիւնները

 

ԱՄՆ-ու նախագահի թեկնածու Ռապըրթ Քենետի կրտսերը հրապարակուած տեսաուղերձով խոստացած է, որ իր վարչակազմը պիտի զօրակցի միջազգային հանրութեան՝ պատիժներ կիրարկելու Ազերպայճանի նկատմամբ, ապահովելու Հայերու անվտանգ վերադարձը Արցախ եւ աջակցելու անոնց ինքնորոշման իրաւունքին։

Քենետի կրտսեր իր ուղերձին մէջ մասնաւորապէս նշած է․ “Ցեղային զտումներու այս քաղաքականութեան սին դատապարտումները բաւարար չեն։ Ի տարբերութիւն 1915-ի ցեղասպանութեան, սա անշրջելի չէ։ ԱՄՆ-ու կառավարութիւնը պէտք է կազմակերպէ եւ զօրաշարժի ենթարկէ համաշխարհային հանրութիւնը՝ քայլերու ձեռնարկելու համար, որպէսզի ապահովուի Հայերու անվտանգ վերադարձը Արցախ եւ պաշտպանուի անոնց ինքնորոշման իրաւունքը։ Սա իրավիճակ մըն է, երբ խաղաղ պատիժները իրականութեան մէջ կրնան գործել: ԱՄՆ տակաւին ունի լծակներ այդ տարածաշրջանին մէջ, եւ կրնայ օգտագործել այդ ուժը՝ զօրաշարժի ենթարկելու տարածաշրջանի բոլոր ազգերը՝ սրբագրելու այս մարդասիրական ողբերգութիւնը: Մենք պէտք է աշխատինք նաեւ Թուրքիոյ եւ Ազերպայճանի կողմէ Հայաստանի շրջափակման վերացման ուղղութեամբ։ Հայաստան դէպի ծով ելք չունեցող երկիր մըն է, եւ անոր անհրաժեշտ է մուտք դէպի նաւահանգիստներ եւ յարակից երկիրներ”:

Մեկնաբանելով Քենետիի յայտարարութիւնը՝ Հայ դատի Ամերիկայի յանձնախմբի Ուաշինկթընի կեդրոնական գրասենեակի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան ընդգծած է․ “Յանձնախումբը կ՚ողջունէ Ռապըրթ Քենետի կրտսերի կոչերը՝ պատժելու Ազերպայճանը եւ սատար հանդիսանալու Արցախահայութեան ինքնորոշման եւ իր հայրենիքը անվտանգ վերադարձի իրաւունքին։ Մենք առաւելաբար կը գնահատենք անոր յայտնուիլը իբրեւ 2024-ի երրորդ կենսունակ տարբերակ ամերիկահայ ընտրողներուն համար, յատկապէս նկատի առնելով, որ նախագահական ամէնէն հաւանական թեկնածուներէն երկուքը՝ նախագահ Ճօ Պայտըն եւ նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփ զինած են Ազերպայճանը, որ ցեղասպանութեան ենթարկեց Արցախի քրիստոնեայ Հայերը”։

2,5 վայրկեաննոց տեսաուղերձը հրապարակուած է Դեկտեմբեր 29-ին, նախագահի թեկնածուի եութուպեան պաշտօնական քարոզարշաւային ալիքին վրայ։

Նախագահի թեկնածու Ռապըրթ Քենետիի տեսաուղերձին կապն է. 

https://youtu.be/vFvazHKR9Ts