Ժերար Գոլոնի մահէն չորս օր ետք՝ Նոյեմբեր 29-ին ալ իր մահկանացուն կնքած է Եւրոպական խորհրդարանի բնապահ (Europe Ecologie-Les Verts) երեսփոխան Միշէլը Ռիվազի, Հայոց ուրիշ մէկ անկեղծ բարեկամը, Հայ դատի անխոնջ պաշտպան մը։ Ան Պրիւսէլի մէջ յանկարծամահ եղած է, զոհ՝ սրտի տագնապի մը։ 70 տարեկան էր։
Ռիվազի քաղաքական շրջանակներու մէջ ծանօթ էր որպէս անվհատ պայքարող մը ի խնդիր իր պաշտպանած դատերուն, ինչպէս օրինակ՝ շողագործօն արտածորումներու դէմ։ Բայց ան ծանօթ էր նաեւ որպէս Հայ դատի վստահելի բարեկամ մը, երկար տարիներէ ի վեր։
Անոր յիշատակը Հայոց յիշողութեան մէջ դրոշմուած պիտի մնայ 2006-ին Ֆրանսայի Ազգային ժողովին իր յղած կուռ ելոյթով, ուր ան կոչ կ՚ընէր քուէարկելու՝ Ցեղասպանութեան ժխտումի պատժելիութիւնը նախատեսող օրէնքի ի նպաստ։
Ռիվազի 2010-ին ալ կ՚այցելէր Արցախ՝ իր զօրակցութիւնը յայտնելու Հայերուն եւ վերադարձին քանի մը հարցազրոյց տուած էր իր այցին մասին, բարձրացնելով Արցախի խնդիրը։
Եւ դեռ վերջերս, Հոկտեմբեր 3-ին ան համահեղինակներէն մէկն էր «Լեռնային Ղարաբաղ. Եւրոպական խորհրդարանը կոչ կ՚ընէ հրատապ պաշտպանելու մարդկային իրաւունքները» խորագրեալ մամլոյ հաղորդագրութեան։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։