Հայ դերասաններու մասնակցութեամբ Շոն Պեյքըրի «Անորա» ֆիլմը թեկնածու է «Օսքար»-ի մրցանակին

Շոն Պեյքըրի «Անորա» ֆիլմը, ուր նկարահանուած են հայ դերասաններ՝ Կարէն Գարագիւլեան եւ Վաչէ Թովմասեան, թեկնածու է «Օսքար»-ի մրցանակին՝ «Տարուան լաւագոյն ֆիլմ» անուանակարգին մէջ:

«Անորա»-ն առաջադրուած է նաեւ լաւագոյն բեմադիրի, լաւագոյն բեմագիրի, լաւագոյն դերասանուհիի (Մայքի Մատիսըն), երկրորդական դերի լաւագոյն դերասանի (Եուրա Պորիսով) եւ լաւագոյն կազմութեան (մոնթաժի) անուանակարգերուն մէջ:

2024-ին Գաննի փառատօնին ժապաւէնը արժանացած էր «Ոսկեայ արմաւենիի ճիւղ» մրցանակին։

Վիպապաշտ կատակերգութեան գործողութիւնները տեղի կ՚ունենան Պրուքլինի մէջ: Գլխաւոր հերոսուհին երիտասարդ մարմնավաճառ մըն է, որուն հետ կ՚ամուսնանայ ռուս մեծահարուստի որդին: Ծնողները այդ մասին իմանալէ ետք Նիւ Եորք կ՚երթան որպէսզի ամէն ինչ պարզեն…:

«Օսքար»-ի մրցանակաբաշխութիւնը տեղի կ՚ունենայ Լոս Անճըլըսի Dolby Theatre թատերասրահին մէջ, 2025 Մարտ 2-ին։