Search
Close this search box.

«Հայ եւ ազերպայճանցի երիտասարդները Սթրազպուրկի մէջ հանդիպում կ՚ունենան»,– նշած է Պաքուի մէջ Ֆրանսայի դեսպանը

Ազերպայճանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Զաքարի Կրոսի համաձայն՝ ֆրանքեւգերմանական երիտասարդական գրասենեակի՝ OFAJ-ի «Համագործակցութեան նոր ուղղութիւններ Եւրոպական Միութեան Արեւելեան գործընկերութեան շրջանակին մէջ» ծրագրի ծիրէն ներս Յունիս 6-էն 10 Ազերպայճանի երիտասարդութեան 10 ներկայացուցիչներ կ՚այցելեն Սթրազպուրկ, ուր հանդիպում կ՚ունենան Հայաստանի, Ֆրանսայի, Գերմանիոյ երիտասարդ սերունդի ներկայացուցիչներուն հետ։

Դեսպանը աւելցուցած է, թէ Ազերպայճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղ բանակցութիւններու համածիրին մէջ,– որոնց կ՚աջակցին Ֆրանսա, Գերմանիա եւ Եւրոպական Միութիւնը,– OFAJ-ը նպատակ ունի մասնակցելու Հայերու եւ Ազերպայճանցիներու միջեւ խաղաղութեան գործընթացին:

“Այս նախաձեռնութիւնը քննարկուած է Պրիւսէլի մէջ անցեալ տարուան Դեկտեմբերին կայացած առաջնորդներու հանդիպման ժամանակ, եւ այդ առումով համաձայնութիւն գոյացած է։ Ասիկա Գերմանիոյ եւ Ֆրանսայի միացեալ նախաձեռնութիւնն է, որ կ՚իրագործուի Արեւելեան գործընկերութեան շրջանակին մէջ”,– ընդգծած է ֆրանսացի դիւանագէտը։