Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Դիմագիրքի իր էջին գրառումով հաղորդած է, թէ Դեկտեմբեր 30-էն սկսեալ Հայաստան-Իրան պետական սահմանի Ագարակ սահմանային անցակէտը պիտի վերահսկեն մի՛այն Հայաստանի սահմանապահները։
Աւելի քան 30 տարիէ ի վեր Ագարակի անցակէտի սահմանը կը վերահսկէին Ռուսաստանի սահմանապահները։ Առ այդ Փաշինեան շնորհակալութիւն յայտնած է անոնց մատուցած ծառայութեան համար, իսկ հայ սահմանապահներուն մաղթած՝ յաջողութիւն ու բարի ծառայութիւն։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։