Յունիս 10-11-ին Մոսկուայի, իսկ Յունիս 13-ին՝ Քիսլովոտսքի մէջ տեղի կ՚ունենան «Հայաստանի մշակոյթի օրեր» ձեռնարկները՝ նուիրուած Հայաստանի եւ Ռուսաստանի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30-ամեակին:
ՀՀ Կրթութեան, գիտութեան, մղակոյթի ու մարզանքի (ԿԳՄՄ) նախարարութիւնը կը հաղորդէ, թէ այդ առթիւ նախատեսուած են Հայաստանի ազգային ֆիլհարմոնիք նուագախումբի և «Կոմիտաս» ազգային քառեակի համերգները: Յայտագրին մէջ ընդգրկուած են նաեւ պաշտօնական ելոյթներ հայկական եւ ռուսական կողմերէն: Հայաստանեան պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ ԿԳՄՄ նախարարի տեղակալ Արա Խզմալեան:
Իսկ Հայաստանի մէջ «Ռուսաստանի հոգեւոր մշակոյթի օրեր»-ը կը նախատեսուին 2022-ի աշնան:
Այս նախաձեռնութիւններուն անդրադարձած է ԿԳՄՄ նախարար Վահրամ Դումանեան՝ Ռուսաստանի նախագահի` միջազգային մշակութային համագործակցութեան հարցերու յատուկ ներկայացուցիչ Միխայիլ Շվիտքոյը ընդունելու ժամանակ:
Հանդիպումին նախարարը նշած է, թէ կը նախատեսուի 2023-ին կազմակերպել հայ շարժանկարի 100-ամեակը, որ ներառուած է ԻՒՆԷՍՔՕ-ի կարեւոր իրադարձութիւններու յոբելեաններու օրացոյցին մէջ: Իսկ 2024-ին ալ պիտի յիշատակուի Ազնաւուրի եւ Փարաճանովի 100-ամեակը:
Վահրամ Դումանեան՝ յոբելինական ձեռնարկներու շրջանակին մէջ առաջարկած է խորհրդային օրերուն նկարահանուած եւ ներկայիս Ռուսաստանի շարժանկարի պետական արխիւին մէջ պահուող հայկական ֆիլմերու թուայնացման կազմակերպումը, որուն դրական արձագանգած է Շվիտքոյ:
Հանդիպման ընթացքին կողմերը քննարկած են երկկողմ համագործակցութեան վերաբերող շարք մը այլ հարցեր եւս:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։