Հայ շարժարուեստի 100-ամեակի յոբելեանի ծիրէն ներս Նոյեմբեր 2-ին Երեւանի մէջ սկսած է երկօրեայ գիտաժողովը, որ կը վայելէ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի հովանաւորութիւնը:
Գիտաժողովը, որուն կը մասնակցին շարժարուեստի ոլորտը ուսումնասիրող մասնագէտներ արտասահմանէն եւ Հայաստանէն, կազմակերպած է Հայաստանի շարժարուեստի ազգային կեդրոնը՝ Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի (ԿԳՄՄ) նախարարութեան աջակցութեամբ։
Հայաստանի շարժարուեստի ազգային կեդրոնի տնօրէն Շուշանիկ Միրզախանեանի համաձայն՝ իրենք մէկ յարկի տակ համախմբած են տարբեր երկրներէ գործընկերներ: Անոնց հետ համագործակցութիւնը ձեռք բերուած է վերջին տարիներուն ֆիլմերու վերականգնման եւ տարածման գործընթացի ընթացքին:
Հայ շարժարուեստի 100-ամեակին նուիրուած ծրագրերուն անդրադառնալով՝ Միրզախանեան ընդգծած է, որ Կեդրոնը այս տարի վերականգնած է մեծ քանակի ֆիլմեր, որոնք ներկայացուած են աշխարհի տարբեր փառատօներուն:
ՀՀ ԿԳՄՄ-ի Ժամանակակից արուեստի վարչութեան պետ Սվետլանա Սահակեան ընթերցած է նախարար Ժաննա Անդրէասեանի ուղերձը:
Շարժարուեստաբան Անետա Երզնկեան խօսելով հայկական շարժարուեստի ոլորտի ներկայի վիճակին մասին, ուրախութեամբ ընդգծած է, որ պահպանելով աւանդութիւնները՝ այժմ հայ շարժարուեստը կը ներկայանայ նորարարական լուծումներով:
“Այսօր մենք ունենք երիտասարդներ, որոնք նոր շունչ են բերել կինօաշխարհ՝ համադրելով ուղղութիւնները, ժանրերը, թեմաները, հրամցնելով բոլորովին այլ որակի կինօ”,– ըսած է ան:
Ան ընդգծած է, որ այսօր շարժարուեստի երիտասարդ գործիչներու կողքին նաեւ կ՚աշխատին ու գործեն Յարութիւն Խաչատրեան, Էդգար Բաղդասարեան, որոնք, շարունակելով աւանդութիւնները, նոր խօսք կ՚ըսեն ժամանակակից շարժարուեստի միջոցով:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։