Ազերպայճանի կառավարութիւնը Եւրոպական ատեանէն յաւելեալ ժամանակ խնդրած է հայ ռազմագերիներու մասին ամբողջական տեղեկութիւն տրամադրելու համար։ Լուրը հաղորդած է միջազգային իրաւական հարցերու Հայաստանի ներկայացուցչին գրասենեակը։
«Ի պատասխան Հայաստանի հանրապետութեան կառավարութեան կողմէ Ազերպայճանի դէմ Մարդկային իրաւանց եւրոպական ատեան (ՄԻԵԱ) ներկայացուած միջանկեալ միջոց կիրարկելու մասին շարք մը պահանջներուն, Ազերպայճանի կառավարութիւնը ՄԻԵԱ-էն խնդրած է յաւելեալ ժամանակ՝ ռազմագերիներու մասին ամբողջական տեղեկութիւն տրամադրելու համար։ Ատեանը խնդրանքին ընդառաջած է։ Սեպտեմբեր 29-ը նշանակուած նոր պայմանաժամն է»,– նշուած է այս առթիւ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։