Search
Close this search box.

Հայ փորձագէտները մանրամասնած են ազերպայճանցի փորձագէտներու հետ Վրաստանի մէջ կայացած հանդիպումը

Հայ եւ ազերպայճանցի 11 անկախ փորձագէտներէ կազմուած խումբ մը Յունիս 27-28-ին հանդիպում ունեցած է Վրաստանի Քաշրեթի քաղաքին մէջ։ 

«Արմէնփրէս»-ի հետ զրոյցին փորձագիտական խումբի անդամ Ջոնի Մելիքեան նշած է, որ հանդիպման մասնակիցները քննարկած են Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման առնչուող հարցերը եւ փոխադարձ վստահութեան ամրապնդման ուղղուած շարունակական ջանքերը։

“Ձեւաչափը ստեղծուած է LINKS Europe կազմակերպութեան կողմէ, որուն կ՚աջակցի Եւրոպական Միութիւնը։ Ան առիթ կը ստեղծէ երկու երկիրներու փորձագէտներուն՝ հանդիպելու, յարաբերելու, կարծիքներ փոխանակելու եւ փորձելու տեսնել հակառակ կողմին մօտեցումը կամ լսելու զիրար, հասկնալու՝ ի՞նչ կարելի է կառուցել գոյութիւն ունեցող հիմքին վրայ”,– նշած է Մելիքեան։ 

Հակառակ անոր որ Ազերպայճան հակամարտութիւնը լուծուած կը համարէ, սակայն խնդիրները բաւական շատ են, կայ հարցերու լուծման կարիք։ Հայ փորձագէտները տեւաբար կը ներկայացնեն այն տեսակէտը, որ հակամարտութիւնը լուծուած չէ։ Մելիքեանի դիտարկումով՝ Եւրոպական Միութիւնը պիտի շարունակէ այս ձեւաչափը։ 

“Բացատրական աշխատանքը պէտք է շարունակել։ Ի վերջոյ, կու գայ օրը, որ անոնք ալ այս հանդիպումին կը ներկայանան անկախ փորձագիտական մօտեցումներով, ոչ թէ իրենց իշխանութիւններու տեսակէտները հաղորդելու համար։ Կողմերը պէտք է սկսին քննարկել ապագայի մասին, թէ ինչպէ՞ս կարելի է լուծել հարցերը։ Պարտադիր է հանդիպիլ, բացատրական աշխատանքներ վարել, ցոյց տալ Արեւմուտքի մեր գործընկերներուն, որ մենք համաձայն ենք երկխօսութեան, ունինք մեր մօտեցումները, որոնք շատ յստակ հիմքերու վրայ են”,– ընդգծած է Մելիքեան։ 

Փորձագէտ Տարօն Յովհաննիսեան ալ շեշտած է, որ քաղաքական եւ բանակցային օրակարգերը քննարկման ենթակայ չեն։ Փորձագիտական խումբը չի զբաղիր հակամարտութեան գնահատումով, բանակցային, խաղաղութեան գործընթացով։ Սակայն հայկական խումբը իր մտահոգութիւնները կը ներկայացնէ։ 

“Այս շրջանակին մէջ Հայկական կողմի առաջարկը այն է, որ մնայուն դիտարկում կատարուի ատելութեան խօսքի, ղեկավարներու հռետորաբանութեան, եւ կարելիութեան պարագային նաև սահմանային իրավիճակին վերաբերեալ։ Տակաւին որեւէ բան յստակացուած չէ, միայն գաղափարներ խտացուած են եւ շատ դժուար է ըսել թէ կարելի կ՚ըլլա՞յ որեւէ բան յաջողուիլ, թէ՞ ոչ”,– ըսած է Յովհաննիսեան։

Մասնակիցները անդրադարձած են նաեւ այն լուրջ վտանգներուն, որոնք կը բխին ընթացող միջազգային գործընթացներէն, եւ մասնաւորապէս Ուքրաինայի պատերազմէն, որ իր ազդեցութիւնն ունի Արեւելեան գործընկերութեան բոլոր երկիրներուն, ինչպէս նաեւ եւրոպական եւ համաշխարհային անվտանգութեան վրայ: Անոնք յոյս յայտնած են, որ հակամարտութիւնը շուտով կ՚աւարտի եւ Ուքրաինայի մէջ խաղաղութիւնը կը վերականգնի:

Խումբը սահմանած է նաեւ այն քայլերը, որոնց պիտի ձեռնարկէ յառաջիկայ վեցամսեայ ժամանակի ընթացքին՝ աջակցիլ տարածաշրջանին մէջ շարունակուող խաղաղութեան ջանքերուն, ինչպէս նաև աշխուժացնել իր շփումները Հայաստանի եւ Ազերպայճանի կառավարութիւններու եւ այլ տեղական, տարածաշրջանային եւ միջազգային շահագրգիռ կողմերու հետ՝ բացայայտելու համար լաւագոյն ուղիները, որոնք կրնան նպաստել խաղաղութեան շարունակական ջանքերուն՝ օգնելով կառուցել երկխօսութիւն եւ վստահութիւն։

Հայ-ազերպայճանական միացեալ խումբի հայկական կողմի անդամներն են՝ Ստեփան Գրիգորեան, Տարօն Յովհաննիսեան, Գէորգ Մելիքեան, Ջոնի Մելիքեան, Բենիամին Պօղոսեան։