2020-2023 գերեվարուած 31 հայ զինուորներ եւ Սեպտեմբերին Արցախի մէջ գերեվարուած զինուոր մը եւս Դեկտեմբեր 13-ի առաւօտեան անցնելով Ազերպայճան-Հայաստան սահմանը, արդէն հասած են հայրենի հող:
Այս կապակցութեամբ ընկերային ցանցերու մէջ գրած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, հրապարակելով վերադարձած ռազմագերիներու անուանացանկը։
Անոնք նախ բժշկական քննութենէ պիտի անցնին եւ ապա պիտի վերադառնան իրենց հարազատներուն քով:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։