Հայ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսաց դասու երիցագոյն անդամներէն Գարեգին արքեպիսկոպոս Պեքճեան իր հոգին աւանդած է Նոյեմբեր 21-ի վաղ առաւօտուն, Պոլսոյ Ս. Փրկիչ ազգային հիւանդանոցի երդիքին տակ։
Սահակ Բ. Պատրիարք հայրը նոյն առաւօտ գրութիւնով մը բօթը հաղորդած է Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց հայրապետին։
Սրբազան հօր մարմինը, ձեռամբ լուսարարապետ Տրդատ աւ. քհնյ Ուզունեանի, փոխադրուած է Ս. Աստուածածին աթոռանիստ մայր եկեղեցի։ Օծման եւ յուղարկաւորութեան արարողութեանց թուականին մասին պիտի հաղորդուի հետագային։
***
Հանգուցեալ Սրբազան Հայրը ծնած է 1942-ին, Պոլիս։ Աւազանի անունով Տիգրան։ Նախնական կրթութիւնը կը ստանայ Պոլսոյ Վիեննական Մխիթարեան վարժարանի մէջ։ Ապա ուսումը կը շարունակէ յաճախելով Սկիւտարի Ս. Խաչ դպրեվանքը: 1963-ին կը ձեռնադրուի սարկաւագ՝ ձեռամբ Շնորհք պատրիարքի, որ 1965-ին ալ կը ձեռնադրէ կուսակրօն քահանայ, վերակոչելով Գարեգին աբեղայ։
Պոլսոյ համալսարանին մէջ բարձրագոյն ուսման կը հետեւի եւ կատարելագործելու համար կը մեկնի Գերմանիա, ուսանելով Պոննի եւ Պոխումի համալսարաններուն մէջ։ Մասնաւոր վարդապետութեան չորս աստիճանները կը ստանայ 1970-ին։ Իսկ ծայրագոյն վարդապետութեան աստիճանները կը ստանայ 1992-ին Գերմանիոյ մէջ, ձեռամբ Գարեգին Բ. պատրիարքի։ Նոյն տարին Վազգէն Ա. Ամենայն ճայոց կաթողիկոսի ձեռամբ կը ձեռնադրուի եպիսկոպոս։ Արքութեան պատիւը կը ստանայ 1998-ին, ձեռամբ Գարեգին Ա. Ամենայն հայոց կաթողիկոսի։
Որպէս հոգեւորական ունեցած է բեղուն ծառայութիւններ։ Ֆրանսայի մէջ ծառայած է որպէս հոգեւոր հովիւ 1973-1976 թուականներուն Մարսիլիոյ Ս. Կարապետ, իսկ 1976-1994 տարիներուն նոյն քաղաքի Սրբոց Թարգմանչաց մայր եկեղեցիներուն մէջ։
1992-2018 տարիներուն եղած է Գերմանիոյ Հայոց նորահաստատ թեմի առաջին առաջնորդը: 2014-2019 անդամակցած է Գերագոյն Հոգեւոր խորհուրդի։ 2017-2019 տարիներուն գտնուած է Պոլիս, որպէս Պատրիարքական տեղապահ:
Հանգուցեալ Սրբազան հայրը արժանացած էր Սուրբ Ներսէս Շնորհալի շքանշանին՝ ձեռամբ Գարեգին Ա. Ամենայն հայոց կաթողիկոսի։
***
Աւելցնենք, թէ քանի մը ամիս առաջ, գերմանահայ համայնքի սրտցաւ ու երախտագէտ քանի մը անդամներ, որոնք Գարեգին արք.ին տրուած այցէ մը ետք անյարմար դատեր էին Գերմանիոյ այն ծերանոցը, ուր ան հաստատուած էր, ջանք չխնայելով՝ յաջողած էին անոր փոխադրումը Պոլսոյ Սուրբ Փրկիչ ազգային հիւանդանոցի ծերանոցը, ուր ան գոնէ իր կեանքին վերջին օրերը ապրեցաւ իրեն հարազատ ու ջերմ միջավայրի մէջ։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։