Search
Close this search box.

Հանդիպում-ասուլիս՝ «Ժամանակակից ֆրանսերէն գրականութեան 2700 գիրք` Հայաստանի աշակերտներուն» ծրագրին շուրջ

Կնքահայրութեամբ՝ Սիլվէն Թեսոնի

«Défis humanitaires» ֆրանսական կազմակերպութեան կողմէ իրականացուող «Ժամանակակից ֆրանսերէն գրականութեան 2700 գիրք` Հայաստանի աշակերտներուն» ծրագրին կապակցութեամբ Ֆրանսայի Հրատարակիչներու ազգային արհմիութեան (Syndicat national de l’édition – SNE) կեդրոնին մէջ (Փարիզ) Յունուար 16-ին կազմակերպուած է հանդիպում-ասուլիս մը։ Նախաձեռնութեան հեղինակն ու կնքահայրն է գրող, փիլիսոփայ, ճանապարհորդ Սիլվէն Թեսոն։

Սոյն ծրագրին կ՚աջակցին Հրատարակիչներու ազգային արհմիութիւնը, յանձին՝ նախագահ Վենսան Մոնթանյի, «Défis humanitaires» կազմակերպութեան նախագահ Ալէն Պուանէ, ՕվերնեըՌոնԱլփի շրջանը, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպանութիւնը։

Կը նախատեսուի Հայաստանի բոլոր մարզերուն, բայց յատկապէս Սիւնիքի մէջ գոյութիւն ունեցող 76 գրադարաններուն տրամադրել ֆրանսական ժամանակակից գրականութեան շուրջ 2700 նոր գիրք։

Ասուլիսին ներկայ Հայաստանի դեսպան Արման Խաչատրեան շնորհակալութիւն յայտնած է սոյն ծրագրին նախաձեռնող, զայն կազմակերպող եւ իրականացնող բոլոր դերակատարներուն՝ իրենց յանձնառութեան եւ օժանդակութեան համար։ Ան ընդգծած է մասնաւորապէս Հայաստանի համար ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող Սիւնիքի մարզին գիրքեր նուիրելու կարեւորութիւնը՝ աւելցնելով, թէ սոյն ծրագիրը ոչ միայն կը նպաստէ հայ երիտասարդներուն՝ ֆրանսական ժամանակակից գրականութիւնը բացայայտելուն, այլեւ՝ կ՚ընդգծէ ֆրանսերէն լեզուի առանձնայատուկ դերը Հայաստանի մէջ։

Ելոյթներով հանդէս եկած են նաեւ Սիլվէն Թեսոն, Վենսան Մոնթանյը (SNE-ի նախագահ) եւ Ալէն Պուանէ (Défis Humanitaires-ի նախագահ)։

Ձեռնարկին ներկայ եղած են ֆրանսացի հրատարակիչներ, գրողներ, ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ եւ լրագրողներ։

Նշենք, թէ աւելի քան տասնեակ մը հեղինակաւոր հրատարակչատուներ, ի շարս որոնց՝ Gallimard Jeunesse, Hachette Jeunesse եւ Flammarion ընդառաջած են կոչին, բազմաթիւ գիրքեր նուիրելով 6-18 տարեկաններու համար։ Այս հատորները որոնք կը կշռեն աւելի քան 1,5 թոն, արդէն փոխադրուած են Երեւան, ուրկէ բաշխումը պիտի սկսէր Յունուար 20-ին։ 

Պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմեն Սիլվէն Թեսոն, Վենսան Մոնթանյը եւ Ալէն Պուանէ, պիտի այցելէ Երեւան՝ ծրագրի պաշտօնական մեկնարկը նշելու համար: Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիրին մէջ արարողութենէ մը ետք, նախատեսուած են հանդիպումներ աշակերտներու հետ, որոնցմէ ոմանք Արցախէն գաղթականներ են, Երեւանի եւ Գորիսի SPFA ֆրանսախօս կեդրոններուն մէջ: Այս փոխանակումները հնարաւորութիւն պիտի ընձեռեն գնահատելու յաջորդ քայլերը՝ այս մարդասիրական գործողութիւնը ամրապնդելու համար: