Փետրուարի վերջին շաբաթը, Մանուշեանի պանթէոնականացումը Ֆրանսա-Հայաստան պատմական բարեկամութեան անմոռանալի արտայայտութիւնն էր։ Ան նաեւ ռազմավարական համագործակցութեան իւրօրինակ առիթ ստեղծեց, որ կրնար աւելի եւս իմաստաւորուիլ, եթէ Ֆրանսահայ ընկերակցութիւնները համակարգող խորհուրդի (CCAF) համանախագահները նախագահ Մաքրոնի մեկնած ձեռքը ճիշդ արժեւորէին։
Փետրուար 23-էն սկսեալ, ՀՅԴ մամուլը տարածեց Բիւրոյի անդամ եւ CCAF-ի համանախագահ Մուրատ Փափազեանի յայտարարութիւնը՝ վարչապետ Փաշինեանի հետ սոյն կազմակերպութեան համանախագահներու հանդիպումին մասին, Ֆրանսայի նախագահ Էմանիւէլ Մակքրոնի նախաձեռնութեամբ։ Վերջինս Մանուշեանի ոգեկոչումը յարմար առիթ նկատած ըլլալով, Ֆրանսահայութեան ներկայացուցիչներու եւ Հայաստանի ղեկավարութեան միջեւ երկխօսութիւն վերահաստատել ուզած է։ Արդարեւ երկու համանախագահներն ալ Հայաստանի իշխանութեան հետ տարակարծութիւններ ունին։
ՀՅԴ լրասփիւռներուն տարածած յայտարարութիւններէն անդին, պարոն Փափազեան Հայաստանեան «Հրապարակ» կայքէջին տուած է նաեւ խնդրայարոյց հարցազրոյց մը։ Էլիզէ եւ Երեւան դեռ լուռ կը մնան հանդիպումին մասին, նկատի ունենալով անոր անպաշտօն բնոյթն ու հաւանաբար անոր ձախող ու գայթակղալից ելքը։
Ինչո՞ւ ձախող ու գայթակղալից։ Անդրադառնալով այդ հանդիպումին՝ Փարիզի «Այբ-Էֆ.Էմ.» ձայնասփիւռը դիմագիրքեան իր էջով կը տեղեկացնէ թէ՝ «Դիմելով Նիկոլ Փաշինեանին՝ CCAF-ի համանախագահը (իմա՝ Մուրատ Փափազեան) դատապարտած է իր նկատմամբ 19 ամիս շարունակուած Հայաստան մուտքի իրաւունքի արգելքը, ինչ որ ի վերջոյ վերցուած է Հայաստանի արդարադատութեան համակարգին կողմէ։ Մուրատ Փափազեան քննադատած է Նիկոլ Փաշինեանը այս խորապէս ոչ-ժողովրդավարական եւ պառակտող որոշումը կայացնելուն համար»։ Առանց աւելի մանրամասնութիւններու մէջ մտնելու, դատելով հանդիպումին առաջին ու գլխաւոր միակ նիւթէն,– Մուրատ Փափազեանի՝ Հայաստան մուտքի արգելքը,– հասկնալի է թէ ինչո՛ւ ձախողած է հանդիպումը։ Ի դէպ պէտք է ընդգծել, ինչպէս նշուած է գրութեան մէջ ալ, Հայաստանի արդարադատութեան կողմէ Փափազեանի՝ Հայաստան մուտքի արգելքը վերցուած է։
Այսքան խեղճ ու անտեղի երկխօսութիւն ամօթալի է Ֆրանսահայութիւնը ներկայացնող համանախագահներու կողմէ։ Առանց ռազմավարական հարցերու շուրջ լուրջ ծրագրի ներկայանալ Հայաստանի վարչապետին հետ երկխօսութեան, այն պահուն երբ Հայաստան սարսափելի վտանգաւոր մարտահրաւէրներու դիմաց կը գտնուի, երբ Ֆրանսայի նախագահը եւ Հայաստանի վարչապետը ազերական յարձակումի առաջքն առնելու համար դիւանագիտական, ռազմական գործակցութեան հարցեր կը քննարկեն, երբ Մանուշեանի նման կերպար մը Ֆրանսայի եւ Հայաստանի պետութիւններն ու ժողովուրդները իրարու միացնող ոսկէ առիթ մը կ՚ընծայէ։ Եւ ահա փոխանակ CCAF-ի համանախագահները Ֆրանսա-Հայաստան փոխշահաւէտ յարաբերութիւններու զարգացման ծրագրեր մշակելու մասին խորհրդածելու եւ մտքեր փոխանակելու, Ֆրանսայի նախագահի ներկայութեան անձնական հանգամանք ունեցող եւ արդէն սրբագրուած նիւթ մը կ՚արծարծեն։
Իսկ «Հրապարակ»-ի մէջ կը կարդանք աւելի գայթակղալին, պարոն Փափազեանի իսկ բառերով ըսուած. «Ես Մաքրոնին ասացի՝ պարոն Նախագահ, անկեղծ լինենք, ա՞յս մարդը մեզ պիտի պաշտպանի, ա՞յս մարդը Հայաստանը պիտի ղեկավարի, ա՞յս մարդը պէտք է Պուտինի, Ալիեւի ու Էրդողանի հետ խօսի…»։ Այս աստիճան անյարգալից, անպատուաբեր վերաբերում Ֆրանսայի հայ համայնքի ներկայացուցիչէն՝ անընդունելի է։
Վերջապէս, անհաւատալի երեւոյթ է, դերերը շրջուած են. ֆրանսահայ համայնքի ներկայացուցիչները Ֆրանսա-Հայաստան յարաբերութիւններու զարգացման խթան հանդիսանալու փոխարէն, Ֆրանսայի նախագահն է որ նախաձեռնութիւնը կը ստանձնէ CCAF-ի համանախագահները հաշտեցնելու Հայաստանի ղեկավարութեան հետ։ Բայց եկէք տեսէք, որ Ֆրանսայի նախագահին ընձեռած ոսկէ առիթը չարաչար կը մսխուի համանախագահներուն կողմէ։
Վերադառնանք էականին. Մանուշեանի կտակած համամարդկային արժէքներու նշացողը շատ բարձր է, արժէ պայքարիլ ի խնդիր անոնց, կերտելու համար խաղաղ ու ապահով ապագայ մը. իսկ անհանդուրժողութեան բացած վէրքը շատ խոր է, հաշտութիւնը անհրաժեշտութիւն է. պէտք են ներկայացուցիչներ, որոնք գիտեն յարգել խաղին օրէնքները։
Ժ.Չ. ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։