Փետրուար 24-ին, Ազերպայճանի Պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով բանակի հրամանատարներուն եւ իր գլխաւորած նախարարութեան տարբեր ծառայութիւններու ղեկավարներուն հետ այցելած է հայ-ազերպայճանական սահման, ուր ան հետեւած է սահմանին տիրող իրավիճակին եւ խորհրդակցութիւն ունեցած զինուորական պատասխանատուներուն հետ։
Ազերպայճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութեան համաձայն՝ խորհրդակցութեան՝ տեսակապով մասնակցած են «ազատագրուած տարածքներուն մէջ տեղակայուած զօրամիաւորումներուն հրամանատարները»։
Հասանով՝ հանդիպման մասնակիցներու ուշադրութեան յանձնած է նախագահ Ալիեւի՝ վերընտրուելէն ետք երդման արարողութեան ընթացքին կատարած յայտարարութիւնները։
Յիշեցնենք, որ Ալիեւ յայտարարած էր, թէ «Հայաստան կարծէք թէ մոռցած է Ղարաբաղեան երկրորդ պատերազմի հետեւանքները։ Կամ թերեւս մէկը զանոնք խրախուսած է, որ ընդհանրապէս չկատարեն իրենց ստանձնած պարտաւորութիւնները»։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։