Search
Close this search box.

Հարցազրոյց՝ հնագէտ եւ Արուեստի Պատմութեան Ազգային Հիմնարկի (INHA) հետազօտող Սիփանա Չագրեանի հետ

Սիփանա Չագրեան Նոյեմբեր 21-ին Փարիզի մէջ տեղի ունեցած գիտաժողովին

Նիքոլ եւ Ժան-Մի­շէլ Թիէրի­ 1950-2000 թուական­նե­րուն ճամ­բորդե­ցին Մի­ջին Արե­ւել­քի այնպի­սի վայ­րեր, որոնք հա­յերու հա­մար հնա­գիտու­թեան եւ մշա­կու­թա­գիտու­թեան առու­մով կա­րեւոր եղած են։ Ֆրանսայի Արուես­տի պատ­մութեան ազ­գա­յին հիմ­նարկը (INHA), ներ­կա­յաց­նե­լու համար Թիէրի­ներու ար­խիւնե­րու ու­սումնա­սիրու­թեան ար­դիւնքնե­րը՝ Փարիզի մէջ Նոյեմբեր 21-ին ձեռնամուխ եղաւ գի­տաժո­ղովի մը, որուն գլխա­ւոր կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րէն էր Սի­փանա Չագրեան։

Նիքոլ եւ Ժան-Միշէլ Թիէրի

«Նոր Յա­ռաջ» – Մաս­նա­գիտու­թեամբ հնա­գէտ էք, ու­սա­նած էք բիւ­զան­դա­կան աշ­խարհի պատ­մութիւն եւ հնա­գիտու­թիւն, մաս­նա­գիտա­ցած էք Հա­յաս­տա­նի եւ Վրաս­տա­նի միջ­նա­դարեան ճար­տա­րապե­տու­թեան եւ արուես­տի պատ­մութեան մէջ, ձեր դոկտո­րական աւար­տա­ճառի նիւթ ընտ­րած էք «Վաղ միջ­նա­դարեան քա­ռակող կո­թող­նե­րը», զոր պաշտպա­նած էք Փան­թէոն Սոր­պոն եւ Էքս-Մար­սիլիա հա­մալ­սա­րան­նե­րուն մէջ։ Ան­կէ ի վեր կ՚աշ­խա­տիք Փա­րիզի Արուես­տի պատ­մութեան ազ­գա­յին հիմ­նարկին (INHA) մէջ, ուր կը ղե­կավա­րէք հե­տազօ­տական եւ գի­տական ար­ժե­ւոր­ման ծրա­գիր մը Նի­քոլ եւ Ժան-Մի­շէլ Թիէրի­ի ար­խի­ւին շուրջ։ Ի՞նչն է որ հե­տաքրքրա­կան է ձե­զի հա­մար այս ար­խիւնե­րուն մէջ եւ ի՞նչ կը ներ­կա­յաց­նեն անոնք։

Սի­փանա Չագրեան – 2017-ին Նիքոլ Թիէրի որոշեց ամուսնոյն եւ իր արխիւը նուիրել Փարիզի Արուես­տի պատ­մութեան ազ­գա­յին հիմ­նարկին, ուր պաշտօնապէս տեղադրուեցաւ 2021-ին։ 2022-ին հրաւիրուեցայ այս արխիւին վրայ աշխատելու։ Արուես­տի պատ­մութեան ազ­գա­յին հիմ­նարկի գրա­դարա­նը 2021-ին սկսած էր ու­սումնա­սիրել Նի­քոլ եւ Ժան-Մի­շէլ Թիէրի­ի ար­խի­ւը։ Ին­ծի հա­մար շատ կա­րեւոր էր այս ար­խի­ւի ու­սումնա­սիրու­թիւնը, քա­նի որ նախ եւ առաջ՝ Թիէրի­ներու՝ Հա­յաս­տա­նի եւ Վրաս­տա­նի յու­շարձան­նե­րու հա­ւաքա­ծոն շատ ար­ժէ­քաւոր էր, իմ մաս­նա­գիտու­թիւնս մաս­նա­ւորա­պէս այդ կա­լուա­ծին կը վե­րաբե­րէր։ Թիէրի­ները 50 տա­րի ճամ­բորդած են շրջան­ներ, ուր շատ դժուար էր եր­թալ, մաս­նա­ւորա­պէս արե­ւելեան Թուրքիա, արեւմտեան Հա­յաս­տան: Իրենց լու­սանկար­ներն ու անոնց նկա­րագ­րութիւննե­րը միակ աղ­բիւրներն են որոշ յու­շարձան­նե­րու պարագային: Անոնք առա­ջին­նե­րը եղան 20-րդ դա­րու երկրորդ կէ­սին, որ այ­ցե­լեցին այդ շրջան­նե­րը եւ բազ­մա­թիւ յու­շարձան­ներ կրցան լու­սա­նկարել եւ ար­ձա­նագ­րել անոնց քայ­քա­յուա­ծու­թեան աս­տի­ճանը կամ ոմանց ան­հե­տացած ըլ­լա­լը։ Պէտք է ըսել որ Թիէրի­ներու այ­ցե­լու­թե­նէն ի վեր, այ­սօր, կան յու­շարձան­ներ, որոնք քայ­քա­յուած կամ ան­հե­տացած են: Անոնց ար­խի­ւը այդ տե­սակէ­տէն շատ կա­րեւոր նիւթ է հե­տազօ­տող­նե­րուն հա­մար: Ար­խի­ւը ոչ միայն լու­սանկար­չա­կան հա­ւաքա­ծոյ է, այլ նաեւ գի­տական բնոյթ ու­նի, այ­սինքն՝ կան իրենց ար­շաւնե­րու աշ­խա­տան­քի տետ­րակնե­րը, նա­մակագ­րութիւննե­րը, հրա­տարա­կու­թիւննե­րու նախապատ­րաստա­կան թուղթե­րը: Ար­խի­ւը անոնց կեան­քի ար­խիւն է։ Շատ կա­րեւոր է հասկնա­լու հա­մար անոնց ներդրու­մը հնա­գիտու­թեան բնա­գաւա­ռին մէջ, յատ­կա­պէս՝ բիւ­զանդա­կան, հայ­կա­կան, վրա­ցական արուես­տի պատ­մութեան եւ հնա­գիտու­թեան դի­տան­կիւնէն: Այս ար­խի­ւը ու­սումնա­սիրե­լով կա­րելի է հասկնալ թէ 20-րդ դա­րու երկրորդ կէ­սին ինչպի­սի՛ յա­ռաջ­դի­մու­թիւն ար­ձա­նագ­րեց մեր մաս­նա­գիտու­թիւնը։

Կա­րեւոր է նաեւ նշել, որ թէպէտ այս ար­խի­ւը յատկան­շա­կան է Կա­պատով­կիոյ, Հա­յաս­տա­նի եւ Վրաս­տա­նի յու­շարձան­նե­րուն հա­մար, բայց ան կը վերաբերի նաեւ այլ վայրերու։ Բազմաթիւ նիւ­թեր ալ կան, զորս Թիէրի­ները չեն հրա­տարա­կած, քա­նի որ անոնք 40-է աւե­լի եր­կիրներ ճամ­բորդած են, որոնցմէ 20-ը իրենց հնա­գիտա­կան ճամ­բորդու­թիւններն էին, օրինակ՝ դէ­պի Ուզպէ­քիս­տան, Պարսկաս­տան եւ Յոր­դա­նան։ Սա­կայն, այդ լու­սանկար­նե­րը չեն հրա­տարա­կած, հոն կան ոչ միայն վան­քեր եւ եկե­ղեցի­ներ, այլ նաեւ իս­լա­մական յու­շարձան­ներ, հնա­գիտա­կան այլ վայ­րեր, 19-րդ դա­րու տու­ներ, օրի­նակ՝ Մշոյ հայ­կա­կան տու­նե­րը: Տետ­րե­րուն մէջ կը նկա­րագ­րուի ամէ՛ն ինչ՝ քա­ղաքա­կան կա­ցու­թիւնը, շրջան­նե­րու սո­վորու­թիւննե­րը: Ես կ՚աշ­խա­տիմ իս­լա­մական արուես­տի պատ­մութեան մաս­նա­գէտ՝ Էլոիզ Պրաք տը լա Փերիէրի հետ։ Մեր նպա­տակն է այս ար­խի­ւը աւե­լի՛ ծանօթացնել ու­րիշ մաս­նա­գէտ­նե­րու, արուես­տա­բան հնա­գէտ­նե­րու, ազ­գագրա­գէտ­նե­րու եւ պատ­մա­բան­նե­րու:

 

«ՆՅ» – Թիէրի­ները պաշ­տօ­նապէս հնա­գէտ­ներ կամ արուես­տա­բան­ներ չէին, այլ՝ բժիշկներ։ Ինչպէ՞ս յա­ռաջա­ցած է իրենց մէջ Մի­ջին Արե­ւել­քի ճար­տա­րապե­տական գան­ձե­րը ու­սումնա­սիրե­լու, յայտնա­բերե­լու այս հե­տաքրքրու­թիւնը։ Վեր­ջա­պէս ճամ­բորդու­թիւններու նա­խաձեռ­նած են այնպի­սի վայ­րեր, որոնք հարուստ էին հայ­կա­կան, յու­նա­կան կամ բիւ­զանդա­կան կո­թող­նե­րով։ Անոնցմով զբա­ղիլը, զա­նոնք ու­սումնա­սիրե­լը, այնպի­սի լա­րուած ժա­մանա­կաշրջա­նի մը, եւ այն ալ Թուրքիոյ նման ոչ-հիւ­րընկալ երկրի մը այն շրջաններուն մէջ ուր այդ երկիրը ցե­ղաս­պա­նու­թիւն գոր­ծած էր եւ տակաւին քիւրտե­րու դէմ հա­լածանքներու կը ձեռնարկէր եւ դեռ ալ կը ձեռնարկէ։ Ինչպէ՞ս կ’ու­նե­նան այդ քա­ջու­թիւնը եւ ինչպէ՞ս կրնան շրջան­ցել ար­գելքնե­րը՝ այդ տե­ղերը հաս­ելու համար, ուր ձե­ւով մը մշա­կու­թա­յին ցե­ղաս­պա­նու­թիւն ալ գործուած ըլլալով՝ շրջա­գայու­թեան ար­գելքներ կա­յին, որ­ քա­ղաքակրթա­կան այդ ոճիրնե­րը չդրսե­ւորուին, քա­ղաքա­կանօ­րէն չշա­հագոր­ծուին այլ փոք­րա­մաս­նութիւննե­րու, յատ­կա­պէս՝ յոյ­նե­րու, հա­յերու, վրա­ցինե­րու կողմէ։ Նաեւ նիւ­թա­կան ներդրու­մի խնդի­րը, վեր­ջա­պէս իրենք իրենց մի­ջոց­նե­րով կը կազ­մա­կեր­պէին այս ամ­բողջ աշ­խա­տան­քը։

Ս. Չ. – Առա­ջին հար­ցումին պատասխանելու հա­մար նշեմ, որ 1987-ին «Յա­ռաջ»-ի մէջ Ժան-Մի­շէլ Թիէրիի հետ հար­ցազրոյց մը եղած է։ Առա­ջին հար­ցումին, թէ ինչպէ՞ս կ՚ըլ­լայ որ բժիշկ մը կը հե­տաքրքրուի հնա­գիտու­թեամբ, ան սապէս պատասխանած է. «շատ զար­մա­նալի չէ. կան շատ մը պա­րագա­ներ, երբ բժիշկներ դար­ձան հնա­գէտ­»։ Այդ հար­ցազրոյ­ցին մէջ կը բա­ցատ­րէ, թէ ինչպէ՞ս Նի­քոլին հետ հա­սան մին­չեւ հայ­կա­կան հնա­գիտու­թիւն եւ արուես­տի պատ­մութիւն: Ան սկսած է դպրո­ցէն հե­տաքրքրուիլ եւ սի­րել լա­տինե­րէնը եւ կա­մաց-կա­մաց սկսած է ու­սումնա­սիրել բիւ­զանդա­կան արուեստ եւ պատ­մութիւն: Կը պատ­մէ, թէ երբ Նի­քոլին հետ ամուսնա­ցաւ, եր­կուքը նոյն հի­ւան­դա­նոցին մէջ կ՚աշ­խա­տէին. սկսան ճամ­բորդել եւ տես­նել գիր­քե­րուն մէջ իրենց կար­դա­ցած վայ­րե­րը, նախ դէ­պի եւ­րո­պական եր­կիրներ, ապա դէ­պի Արե­ւելք։ Պո­լիս գա­ցին, հոնկէ՝ Կա­պատով­կիա, ուր որմնան­կարնե­րով եկե­ղեցի մը գտան եւ երբ վե­րադար­ձան Փա­րիզ, լու­սանկար­նե­րը ցոյց տուին ծանօթ բիւ­զանդա­գէտ­նե­րու, վերջիններս թելադրեցին ան­պայման հրա­տարա­կել զա­նոնք: Այդպէս սկսաւ աշ­խա­տան­քը, ապա ամէն ամառ գա­ցին, լու­սանկա­րեցին եւ հրա­տարա­կեցին: 1954-ին փոր­ձե­ցին եր­թալ Թուրքիոյ արե­ւելեան մա­սերը, 1955-ին առա­ջին ան­գամ գա­ցին Ախ­թա­մար: Ճամ­բորդու­թիւննե­րու ըն­թացքին շատ դժուարու­թիւննե­րու հան­դի­պեցան, ինքնա­շար­ժով կ՚եր­թա­յին եւ գո­նէ մէկ ամիս կը տե­ւէր շրջապ­տոյտը: Թուրքիոյ մէջ կա­ռավա­րու­թեան հետ խնդիր­ներ ու­նե­ցան եւ նոյ­նիսկ գոր­ծը հա­սաւ ձեր­բա­կալու­թեան եւ դա­տու­մի 1974 թուին, որու պատ­ճա­ռով քա­նի մը տա­րի չեն կրցած վե­րադառ­նալ եւ պրպտել հայ­կա­կան յու­շարձան­նե­րը: Այս միջոցին է որ կ՚այցելեն սովետական Հայաստան, շնորհիւ Վազգէն Ա. վեհափառի օգնութեան. առիթէն օգտուելով կ՚այցելեն նաեւ Վրաս­տան եւ Ազերպայճան։ 

Հակառակ քա­ղաքա­կան ար­գելքնե­րուն, կրցած են յատ­կանշա­կան վճռա­կամու­թիւն ցու­ցա­բերել վե­րադառ­նա­լով Թուրքիա մին­չեւ իրենց գոր­ծունէու­թեան աւար­տը (թէ՛ Կա­պատով­կիա եւ թէ՛ Արեւմտա­հայաս­տան), բիւ­զանդա­կան ու­սումնա­սիրու­թեան հա­մար այս շրջան­նե­րու մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գութեան ներ­կա­յացու­ցած կա­րեւո­րու­թեան պատ­ճա­ռով եւ մաս­նա­ւորա­պէս այն ժա­մանակ տո­ւեալ­նե­րու եւ գի­տու­թեան պա­կասը լրաց­նե­լու նպա­տակով։

Խորա­պէս գի­տուն, իրենց ճամ­բորդու­թիւննե­րը կը կազ­մա­կեր­պէին հիմ­նո­ւելով թէ՛ հին աղ­բիւրնե­րու, թէ՛ 19-20-րդ դա­րերու ճամ­բորդնե­րու պա­տումնե­րու եւ իրենց ժա­մանա­կաշրջա­նի գի­տական ու­սումնա­սիրու­թիւննե­րու վրայ։ Անոնց նպա­տակն էր այնպի­սի յու­շարձան­ներ փաս­տագրել, որոնք ենթակայ էին քայքայման վտանգի, միաժա­մանակ՝ յայտնա­բերել նորեր։

Իսկ ինչ կը վերաբերի  մի­ջոց­նե­րուն՝ քա­նի որ բժիշկ էին, բա­ւարար նիւ­թա­կան մի­ջոց­ներ ու­նէին, բաղդատած՝ ընդհան­րա­պէս հա­մալ­սա­րանա­կան հե­տազօ­տող­նե­րուն: Նախ իրենց մի­ջոց­նե­րով կը ճամ­բորդէին, բայց հե­տագա­յին յա­ջողե­ցան օժան­դա­կու­թիւններ ձեռք ձգել: Անոնք ու­նէին շատ լաւ որա­կով լու­սանկար­չա­կան գոր­ծիքներ, զորս չու­նէին հա­մալ­սարնա­կան հե­տազօ­տող­նե­րը, ահա թէ ին­չո՛ւ իրենց ար­խի­ւը շատ կա­րեւոր է:

 

«ՆՅ» – Դե­րաբաշ­խում մը կա՞ր եր­կուքին մի­ջեւ։ Ամէն մէ­կը իր նա­խասի­րու­թի՞ւնը ու­նէր։ Ին­չո՞վ կը զբա­ղէր իւ­րա­քան­չիւրը։

Ս. Չ. – Նի­քոլ Թիէրի աւե­լի կեդ­րո­նացած էր Կա­պատով­կիոյ բիւ­զանդա­կան եկե­ղեցի­ներուն եւ որմնան­կարնե­րուն վրայ, իսկ Ժան-Մի­շէլ Թիէրի՝ հայ­կա­կան ճար­տա­րապե­տու­թեան վրայ: Նի­քոլ Թիէրի աշ­խա­տած է նաեւ Վրաս­տա­նի որմնան­կարնե­րուն վրայ, երբ սկսան Կով­կաս եւ Տայ­քի շրջա­նը ճամ­բորդել, ինչպէս նա­եւ հետաքրքրուեցաւ հայ­կա­կան քան­դակնե­րու պատ­կե­րագ­րութեամբ, իսկ Ժան-Մի­շէլ Թիէրի գրած էր նաեւ Կա­պատով­կիոյ հայ­կա­կան եկե­ղեցի­ներու մա­սին: Անոնք միասին կը ճամ­բորդէին, միասին կը պատ­րաստէին որոշ յօ­դուած­ներ առանց անպայման ստորագրելու, այլ հրա­տարա­կու­թեան մէջ անոնցմէ իւրաքանչիւրը շնոր­հա­կալա­կան խօս­քով կը դի­մէր միւ­սին: Ար­շաւնե­րու աշ­խա­տան­քին ըն­թացքին Նի­քոլ Թիէրին էր, որ կը գրէր տետ­րե­րուն մէջ, եր­կուքն ալ կը լու­սանկա­րէին:

 

«ՆՅ» – Աւե­լի պարզ պատ­կե­րացում մը ու­նե­նալու հա­մար՝ երբ կ՚այ­ցե­լէին վայր մը ու կինը կը լու­սանկա­րէր, Ժան-Մի­շէլ ի՞նչ կ’ընէր, որ օգ­նէ։ Տեղ­ւոյն վրայ ինչպէ՞ս կը բաշ­խէին աշ­խա­տան­քը, նօ­թեր կա՞ն այս մասին։

Ս. Չ. – Քիչ մը դժուար է ըսել, քա­նի որ այդ չեն բա­ցատ­րեր, բայց գի­տաժո­ղովին մաս­նակցած մաս­նա­գէտ­նե­րէն, օրի­նակ՝ Պատրիկ Տօ­նապե­տեան կամ Անի Թո­թոյեան-Պըլտեան, որոնք անոնց հետ ճամ­բորդած են, պատ­մեցին թէ ի՛նչ նկա­տած են տեղ­ւոյն վրայ: Կա­րելի է ըսել, որ մշա­կու­թա­յին նոյն հե­տաքրքրու­թիւնը ու­նէին, բայց Նի­քոլ Թիէրի աւե­լի՛ արուեստով, որմնան­կարներով, քան­դակնե­րով հե­տաքրքրուած էր, իսկ Ժան-Մի­շէլ Թիէրի՝ յա՛տկապէս ճար­տա­րապե­տական լու­ծումնե­րով: Ան­պայման մէ­կը միւ­սին կ՚օգ­նէր, բայց ի վեր­ջոյ ամէն մէ­կը կեդրո­նացած էր իր նիւ­թին վրայ։

 

«ՆՅ» – Ար­խի­ւը, ինչպէս ըսիք, տա­կաւին բո­լորո­վին չէ ու­սումնա­սիրուած. ի՞նչ ծա­ւալի ար­խիւ է։

Ս. Չ. – 120 տուփ է, որուն մեծ մա­սը (76) գի­տական ար­խիւներ են, թուղթեր, միւս մա­սը (45)՝ լու­սանկար­ներն են, շուրջ 100.000: Եր­կար ժա­մանակ կը պա­հան­ջէ ու­սումնա­սիրե­լը, մա­նաւանդ որ ու­սումնա­սիրե­լէ առաջ պէտք է գրանցել։

Իբ­րեւ հնա­գէտ, աշ­խա­տանքս Արուես­տի պատ­մութեան ազ­գա­յին հիմ­նարկին մէջ հե­տազօ­տական է։ Ար­խիւնե­րու պա­տաս­խա­նատուն Ժե­րոմ Տը­լաթուրն է։ Գրանցումը ժա­մանակ կ՚առ­նէ քա­նի որ թէ՛ շատ մեծ ծա­ւալով ար­խիւ է, թէ՛ ալ շատ խառն բա­ներ կան, օրի­նակ՝ իրենց հե­տազօ­տու­թեան ծրար­նե­րուն մէջ թէ՛ նա­մակ­ներ, թէ՛ լու­սանկար­ներ, եւ թէ՛ հրա­տարա­կու­թեան պատ­րաստու­թեան նօ­թեր: Անընդհատ նոր փաս­տաթուղթեր կը յայտնա­բերուին, օրի­նակ՝ գտանք Նի­քոլ Թիէրիի նկար­չա­կան նիւ­թե­րը, շատ գե­ղեցիկ կը նկա­րէր որմնան­կարնե­րը՝ թուղթի վրայ ըն­դօ­րինա­կելով ճար­տա­րապե­տու­թեան ման­րա­մաս­նութիւն­նե­րը:

 

«ՆՅ» – Քա­նի՞ տա­րուան աշ­խա­տանք կայ դեռ։

Ս. Չ. – Գո­նէ մէկ տա­րուան: Հի­մա կ՚աշ­խա­տինք այս ար­խի­ւին վրայ եր­կու բա­ժին­նե­րով,– ու­սումնա­սիրու­թեան եւ հե­տազօ­տու­թեան բաժին եւ գրա­դարա­նի բաժ­ին,– ու միասնաբար կը յա­ռաջա­նանք։ Մեր ծրա­գիրը եր­կու մեծ մաս ու­նի. առա­ջինը՝ լու­սանկար­նե­րու թուայ­նա­ցումն է, որ կրցանք սկսիլ շնոր­հիւ Իլ-տը-Ֆրան­սի շրջա­նի դրա­մաշ­նորհի մը (DIM PAMIR), սկսե­լով Հա­յաս­տա­նի եւ Վրաս­տա­նի միջ­նա­դարեան յու­շարձան­նե­րէն։ Մօտ 30.000 լու­սանկար պի­տի թուայ­նացնենք, որ մին­չեւ 2025-ի վեր­ջը հա­սանե­լի ըլ­լայ բո­լորին: Ծրագ­րին երկրորդ մա­սը PENSE (հարստա­ցուած թուային հրա­տարա­կու­թեան հար­թակ) անու­նով ծրա­գրին մաս կը կազ­մէ, որ INHA-ի ստեղ­ծած հար­թակն է։ Անոր վրայ սկսած ենք Թիէրի­ներու ճամ­բորդու­թեան օրագ­րա­յին մէկ տետ­րին վրայ աշ­խա­տիլ, անոր հարստա­ցած թուային հրա­տարա­կու­թիւնը պատ­րաստե­լու հա­մար։ Այս օրա­գիրը շատ հե­տաքրքրա­կան է, քանի որ կը հա­մախմբէ 1952-1998 ժա­մանա­կաշրջա­նի իրենց կա­տարած հնա­գիտա­կան ճամ­բորդու­թիւննե­րու ցան­կե­րը, նշե­լով ամէն օր ո՛ր քա­ղաք կամ գիւ­ղէն ան­ցած էին, ո՞ր յու­շարձա­նը կ՚ու­սումնա­սիրէին, ո՞ր ժա­մուն գա­ցին, հա­սան, ո՞ր մաս­նա­գէտ­նե­րը իրենց հետ էին, ի՞նչ դէպ­քեր պա­տահե­ցան: Կ՚ու­զենք այս աշ­խա­տան­քը օգտագոր­ծել, որ կա­րենանք ար­խի­ւէն նիւ­թեր առնել եւ կա­պել զա­նոնք այս տետ­րին: Հի­մա մենք յատ­կա­պէս կ՚աշ­խա­տինք 1978-ին տե­ղի ու­նե­ցած ճամ­բորդու­թեան մը վրայ դէ­պի Վրաս­տան եւ Հա­յաս­տան, ուր հրա­ւիրուած էին Հայ արուես­տին նուիրուած մի­ջազ­գա­յին երկրորդ գիտաժողովին (Երեւան, 12-18 Սեպ­տեմբե­ր 1978): Հոն, Ժան-Մի­շէլ Թիէրի նիւթ մը ներ­կա­յացուցած է Կար­սի քան­դակնե­րուն մա­սին: Ար­խի­ւին մէջ ու­նինք այդ յօ­դուա­ծը, ու­րեմն կա­րելի է կա­պել օրա­գիրին, ինչպէս նաեւ բո­լոր լու­սանկար­նե­րը զորս ճամ­բորդու­թեան ըն­թացքին լու­սանկա­րած էին: Այս օրա­գիրին հարստա­ցուած թուային հրա­տարա­կու­թիւնը նա­խատե­սուած է 2025 Յու­լի­սին։

 

«ՆՅ» – Գիտ­նա­կան­նե­րը ընդհան­րա­պէս ինչպէ՞ս կը մօ­տենան, ի՛նչ կը մտա­ծեն այս հա­ւաքա­ծոնե­րուն մա­սին։

Ս. Չ. – Շատ հե­տաքրքրուած են, շա­տեր կը սպա­սեն որ հա­սանե­լի դառ­նան: Ո՛չ միայն Ֆրան­սա­յի հե­տազօ­տող­նե­ր, այլ նաեւ Հա­յաս­տա­նի, Վրաս­տա­նի, Թուրքիոյ եւ բո­լոր այն եր­կիրնե­րու, ուր կան հայ­կա­կան, վրա­ցական եւ բիւ­զանդա­կան գի­տու­թիւննե­րու կեդ­րոններ։ Գի­տաժո­ղովին ըն­թացքին, որ հա­մախմբեց մեծ լսա­րան մը, նկա­տելի էր այդ հե­տաքրքրու­թիւնը եւ կու­զեմ նշել որ ձայ­նագրութիւ­նը հա­սանե­լի է INHA Youtube-ի էջին։ Սա­կայն շա­տերը չեն գի­տեր ար­խի­ւին հա­րուստ պա­րու­նա­կու­թիւնը, որ միայն հայ­կա­կան, բիւ­զանդա­կան եւ վրա­ցական արուես­տին մա­սին չէ: Մենք կ՚ու­զենք որ աւե­լի լայն շրջա­նակ­ներ իմա­նան եւ հե­տաքրքրուին այս ար­խի­ւով:

 

«ՆՅ» – Այ­սօր ալ դեռ այլ յայտնա­բերե­լիք հնա­գիտա­կան վայ­րեր կա՞ն, ուր Թիէրի­ները չեն գա­ցած։ Աշ­խարհագ­րա­կան առումով՝ այն շրջան­նե­րը ուր անոնք այ­ցե­լած են, ար­դեօք ամ­բողջա­կան կեր­պով ու­սում­նա­սիրա՞ծ են, թէ հոն դեռ կան յայտնա­բերե­լիք կո­թող­ներ, յու­շար­ձան­ներ, վայ­րեր։

Ս. Չ. – Այո՛, վստա­հաբար դեռ կան: Իրենք թէ­պէտ այդ մօ­տեցու­մը ու­նէին, որ կա­րենան ամէն ինչ տես­նել եւ նկա­րագ­րել, լու­սանկա­րել։ Բայց դեռ ան­շուշտ նոր յայտնա­բերումներ կան, նոր հնա­գիտա­կան վայ­րեր որոնք կը շա­րու­նա­կուին բա­ցայայ­տուիլ Թիէրի­ներու աշ­խա­տանքնե­րէն ի վեր։ Մա­նաւանդ, որ Ժան-Մի­շէլ Թիէրի աշ­խա­տած է քրիս­տո­նէական ճար­տա­րապե­տու­թեան վրայ (վան­քեր եւ եկե­ղեցի­ներ) եւ ոչ թէ ան­տիկական վայ­րե­րուն, ռազ­մա­կան ճար­տա­րապե­տու­թեան, օրի­նակ՝ բեր­դե­րուն վրայ։ Աս­կէ զատ, նոյ­նիսկ իրենց գա­ցած տե­ղերուն եւ ու­սումնա­սիրած յու­շարձան­նե­րուն մա­սին տա­կաւին շատ այլ աշ­խա­տանքներ կան: Օրի­նակ, իրենք շատ հե­տաքրքրուած են ճար­տա­րապե­տական լու­ծումնե­րով կամ քան­դակնե­րով, բայց ոչ՝ ար­ձա­նագ­րութիւննե­րով եւ անոնց փո­խազ­դե­ցու­թիւնը եկե­ղեցա­կան տա­րած­քի, պատ­կե­րագ­րա­կան եւ զար­դա­րական ծրա­գրի եւ հա­ւատա­ցեալ­նե­րու հետ, որոնք արուես­տի պատ­մութեան կեդ­րո­նական հե­տազօ­տական թե­մաներ են այ­սօր: Այդ նիւ­թե­րը ան­պայ­ման չեն ու­սումնա­սիրած։ Այդ պատ­ճա­ռով կը նշմա­րենք, որ ար­ձա­նագ­րութիւննե­րը շատ աւե­լի քիչ ներ­կայ են լու­սանկար­նե­րուն մէջ, քան քան­դակնե­րը կամ ճար­տա­րապե­տական ման­րա­մաս­նութիւններ: Այնպէս որ, ըստ իս՝ դեռ շա՜տ-շա՜տ աշ­խա­տանք կայ կա­տարելիք, նոյ­նիսկ իրենց գա­ցած վայ­րե­րուն մէջ:

 

«ՆՅ» – Գի­տաժո­ղովին ըն­թացքին խօ­սուե­ցաւ, թէ յու­շա­կոթող­նե­րը տուեալ պա­հու մը պահ­պանման ի՛նչ վի­ճակ կը ներկայացնէին։ Ար­դեօք այդ ժա­մանա­կէն ետք այ­ցե­լու­թիւններ եղա՞ծ են, գիտ­նա­լու հա­մար որ այ­սօր ի՞նչ վի­ճակի մէջ են։ Եւ որ­քա­նո՞վ իրենց այ­ցե­լու­թիւննե­րը կա­ռա­վա­րու­թիւննե­րը կը մղէ հե­տաքրքրուելու եւ ձե­ւով մը պաշտպա­նելու այդ վայ­րե­րը, մշա­կու­թա­յին քա­ղաքա­կանու­թիւն վա­րելու։

Ս. Չ. – Այդ կէ­տը թէ՝ կա­ռավա­րու­թիւննե­րը արդեօք որեւէ որո­շում կայացուցա՞ծ են Թիէրի­ներու աշ­խա­տան­քէն ետք, չեմ կրնար ըսել, սակայն  գի­տեմ որ Հա­յաս­տա­նի եւ Վրաս­տա­նի մէջ շատ աշ­խա­տանքներ կան վե­րանո­րոգ­ման ծի­րէն ներս, բայց կան նաեւ շատ վայ­րեր որոնք կը շա­րու­նա­կեն փուլ գալ. օրի­նակ՝ Հա­յաս­տա­նի մէջ կայ Արա­տեսի վան­քը, որուն գա­ւիթի որոշ մա­սերը փլած են Թիէրի­ներու այ­ցե­լու­թե­նէն ասդին: Կրնար հե­տաքրքրա­կան ըլ­լալ ան­շուշտ, եթէ այդպի­սի ծրագ­րեր ըլ­լա­յին եւ վե­րանո­րոգ­ման հա­մար գործածէին Թիէրի­ներու ու աւե­լի հին ար­խիւնե­ր:

 

«ՆՅ» – Իսկ եթէ ու­րիշ ճամ­բորդող-հե­տազօ­տող­նե­րու աշ­խա­տան­քին հետ բաղ­դա­տենք, ար­դեօք իրենց հա­մազօր հե­տազօ­տող­ներ կա՞ն, որոնք նո՛յն աշ­խուժու­թեամբ, նո՛յն ծա­ւալով աշ­խա­տանք կա­տարած են, թէ՝ իրենք եզա­կի դէմ­քեր էին։

Ս. Չ. – Եղած են ու­րիշներ: Օրի­նակ՝ Իտա­լիոյ մէջ կա­յին խումբ մը մաս­նա­գէտ­ներ, ինչպէս՝ Ատրիանօ Ալ­փա­կօ-Նո­վել­լօ կամ Փաօլօ Գու­նէօ,… որոնք Հա­յաս­տա­նի եւ Վրաս­տա­նի միջ­նա­դարեան յու­շարձան­նե­րը կը հե­տազօ­տէին: Հի­մա Իտա­լիոյ մէջ, Ca’Foscari հա­մալ­սա­րանի եւ Ֆլո­րան­սայի Kunsthistorische Institut-ի մէջ թուայնացնելու ծրա­գիր մը կայ Վե­նետի­կի Ալ­փա­կօ-Նո­վել­լո­յի խումբի լու­սանկար­չա­կան ար­խի­ւը, որ պա­հուած է Վե­նետի­կի Հայ­կա­կան մշա­կոյթի ու­սումնա­սիրութեան եւ վա­ւերագրման կեդ­րոնին մէջ։ Ար­դէն հար­թա­կը կայ եւ շատ լու­սանկար­ներ հա­սանե­լի են: Իտա­լացի­ները աւե­լի ուշ սկսան՝ 70-80-ական թուական­նե­րուն, բայց կը տես­նենք որ Թիէրի­ները կ՚եր­թան նաեւ այնպիսի տեղեր, ինչպէս մա­՛նաւանդ Խորհրդա­յին Հա­յաս­տան եւ Վրաս­տան: Մեր ար­խի­ւին մէջ կան նա­մակ­նե­ր ալ՝ իտա­լացի մաս­նագէտ­նե­րու հետ Թիէրիներու ու­նե­ցած նա­մակագ­րութիւ­նը։ Գի­տենք որ իրա­րու հետ կա­պի մէջ էին եւ նիւ­թեր կամ յօ­դուած­ներ կը կի­սէին իրա­րու հետ: Այս մէ­կը հե­տաքրքրա­կան երե­ւոյթ մըն է, կա­րելի է իրենց մի­ջեւ կա­պեր ստեղ­ծել եւ հասկնալ թէ ակա­դեմա­կան ցան­ցե­րը ինչպէ՞ս կը գործէին: Հա­յաս­տա­նի մէջ ալ կա­յին շատ կա­րեւոր մաս­նա­գէտ­ներ, ինչպէս Սա­մուէլ Կա­րապե­տեանը, որ շատ ճամ­բորդած է Արեւմտեան Հա­յաս­տան, Վրաս­տան եւ Ար­ցախ, եւ շատ կա­րեւոր նիւ­թեր հա­ւաքած: Ու­րիշներ ալ կան ան­շուշտ, որ կատարած են նման աշ­խա­տանքներ, բայց Թիէրի­ները առա­ջին­ներն էին, որ հա­մակար­գուած եւ սպա­ռիչ կեր­պով փոր­ձե­ցին փաս­տագրել եւ ու­սումնա­սիրել միջ­նա­դար­եան Հա­յաս­տա­նի յու­շարձան­նե­րը՝ Արեւելեան Թուրքիայէն մինչեւ Հա­յաս­տան, ինչպէս նաեւ Վրաս­տան ու Կա­պատովկիա։

Հարցազրոյցը վարեց՝

ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ