Search
Close this search box.

Հարցախոյզին մասնակցած քաղաքացիները քաղաքական գործիչներէն ամէնէն շատ կը վստահին Նիկոլ Փաշինեանին, բայց ընդհանուր անվստահութեան մթնոլորտ կը տիրէ

Միջազգային հանրապետական հիմնարկը Հայաստանի մէջ կատարած է հանրային կարծիքի հարցախոյզ մը։ 

«Եթէ գալ Կիրակի խորհրդարանական ընտրութիւններ տեղի ունենային, որո՞ւն ի նպաստ կը գործածէիք ձեր քուէն» հարցումին՝ մասնակիցներու 20%-ը պատասխանած է՝  ի նպաստ «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան, 4%-ը՝ «Բարգաւաճ Հայաստան»-ին, 2%-ը՝ «Հայաստան» դաշինքին,  2%-ը՝ «Իմ քայլը» դաշինքին, 2 %-ը՝ Հանրապետական կուսակցութեան, 2%-ը՝ Դաշնակցութեան, 1%-ը՝ Ռոբերտ Քոչարեանի կուսակցութեան եւ այլն: 

Այս տուեալները հաւաքուած են 2024 Սեպտեմբեր 13-25 իրականացուած հեռաձայնային հարցազրոյցներու միջոցով:  Հարցախոյզը կատարուած է շուրջ 1500 հոգիի շրջանակի մը մէջ, որոնք Հայաստանի քաղաքացիներ եւ Արցախէն բռնի տեղահանուածներ են, ներկայիս Հայաստան բնակող: Ըստ նոյն հարցախոյզի արդիւնքներուն՝ 16%-ը քաղաքական գործիչներէն ամէնէն շատ կը վստահի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին, 4%-ը՝ Արարատ Միրզոյեանին, 4%-ը՝ Արամ Սարգսեանին, 2%-ը՝ Ալէն Սիմոնեանին, 2%-ը՝ Ռոբերտ Քոչարեանին: Հարցապնդուածներու 61%-ը նշած է, որ ոչ ոքի կը վստահի: