Հենրիխ Մխիթարեան իր ստորագրութեամբ մարզաշապիկը նուիրած է Հռոմի պապին

«Ինթեր»-ի կիսապաշտպան Հենրիխ Մխիթարեան իր ստորագրութեամբ մարզաշապիկը նուիրած է Հռոմի Փրանկիսկոս պապին:

Մարզաշապիկին վրայ Մխիթարեան հետեւեալը գրած է.-

«Նորին Սրբութիւն Փրանկիսկոս պապ, ինծի եւ հայրենիքիս համար մեծ պատիւ է սատարել՝ իմ երկրին եւ համայն աշխարհի խաղաղութեան խթանման ուղղուած ձեր ջանքերուն: Հաւատարմաբար»: