Հայաստանի ազգային հաւաքականի նախկին խմբապետ Հենրիխ Մխիթարեան իր ասպարէզը պիտի շարունակէ Իտալիոյ հզօրագոյն խումբերէն Միլանոյի «Ինթեր»-ի կազմին մէջ։ «Ա.Էս. Ռոմա»-էն Յուլիս 2-ին պաշտօնապէս տեղափոխուած 33-ամեայ հայ կիսապաշտպանը «Ինթեր»-ի հետ երկու տարուան պայմանագիր կնքած է։
Մխիթարեան «Ա.Էս. Ռոմա»-ի հետ անցուց երեք մրցաշրջան, սկսած՝ 2019 Սեպտեմբերէն։ Հռոմէական խումբի կազմին մէջ ան մասնակցեցաւ 117 հանդիպումի՝ դառնալով 29 կոլի եւ 28 կոլային փոխանցման հեղինակ։
2021/22 մրցաշրջանին հայ ֆութպոլիստը «Ռոմա»-ի հետ դարձաւ ՈՒԷՖԱ-ի Գոնֆերանսներու լիկայի յաղթական։
Ընկերային ցանցերու իր էջերուն Հենրիխ Մխիթարեան շնորհակալութիւն յայտնելով հրաժեշտ տուած է հռոմէական ակումբի անձնակազմին եւ երկրպագուներուն։
«Ես խաղադաշտին վրայ եւ անկէ դուրս իմ ամէն ինչը տուի “Ռոմա”-ին։ Մեծ պատիւ էր խաղալ այս խումբին մէջ, եւ ես երբեք պիտի չմոռնամ այն հրաշալի պահերը, որ մենք միասին ունեցանք։ Այս ակումբն ու յաւերժական քաղաքը ընդմիշտ պիտի մնան իմ սրտին մէջ։ Կը սիրեմ ձեզ. շնորհակալութի՛ւն “Ռոմա”»,- գրած է հայ ֆութպոլիստը։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։