Օրերը իրարու կը յաջորդեն, թուրքեւազերի «հնարամտութիւն»-ներն ալ։ Թերեւս պէտք է մտածել անոնց մնայուն անկիւն մը յատկացնելու մասին։
Առջի օր գրեր էինք թրքական ելեկտրոնային հայատեաց խաղին մասին։
Այս անգամուան դափնեկիրը ազերպայճանական հեռատեսիլն է։
Itv կայանէն ուղղակի հեռարձակուած է յայտագիր մը, ուր առաջին շարքին կ՚երեւի չափահաս երգիչ մը (հտպիտ մը, որ իբրեւ թէ համակրելի ըլլալու կոչուած է, բայց թող ներողամիտ ըլլայ՝ ճիշդ հակառակն է), ետին ալ քսանի մօտ անդամներով՝ դպրոցական տարիքի մանուկներու երգչախումբ մը։
Մեր «համակրելի» հտպիտը կը սկսի բարբաջել, նուաստացուցիչ յատկանիշերով «գծել» տուեալ անձի մը դիմագծութիւնը, ապա տղոց դառնալով կը հարցնէ, «Ըսէք, ո՞վ է այս մարդը»։
Երգչախումբի տղաքը յաջորդաբար վանկ առ վանկ կը հիւսեն «խորհրդաւոր անձ»-ին անունը՝ Է-ՄԱ-ՆՈՒ-ԷԼ։ Խօսքը նախագահ Մաքրոնի մասին է անշուշտ։ Այնուհետեւ, «երգիչ»-ը ինք յանձն կ՚առնէ ղեկը, երախաներուն թողլով միայն իր «մարգարիտները» «լա-լա-լա-լա»-ներով օժտելու առաքելութիւնը։
Իսկ ի՞նչ է անոր բարբաջածը։ «Փարիզի կեդրոնը նստած, ասոր-անոր հետ գինովցող՝ ըսէք, ո՞վ է ան։ Ուաթզափով շաղակրատող, հայապաշտութիւն ընող, քիթը ամէն բանի մէջ խոթող, Փաշինեանը շոյող…՝ ըսէք, ո՞վ է ան… Ստախօս, իսլամատեաց, թրքատեաց…՝ ըսէք, ո՞վ է ան…» եւ այլն եւ այլն։
Լա-լա-լա-լա՜, լա լա-լա՜։
Այս անորակելի վարքին առաջին հակազդողներէն եղած է Հարաւային Ֆրանսայի Փրովանս – Ալփ – Գոթ տ՚Ազիւր շրջանի Շրջանային խորհուրդի նախագահ Ռընօ Միւզըլիէ։
Ան Թուիթըրի իր հաշիւին գրած է.-
«Հիմա բաւական յստա՞կ է։
Ազերպայճանական հեռատեսիլէն ուղղակի սփռուած յայտագրին՝ երախաները կը հայհոյեն Հանրապետութեան նախագահ Էմանիւէլ Մաքրոնին։
Անհաւատալի վարք, որ կ՚ամրապնդէ իմ համոզումը թէ՝ մեր տեղը Հայերու կողքին է»։ ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։