Search
Close this search box.

Հիքմեթ Հաճիեւ. «Հայաստանի հետ սահմաններու որոշման հարցը կրնայ լուծուիլ խաղաղութեան պայմանագրէն անջատ»

Reuters լրատու գործակալութեան համաձայն՝ Դեկտեմբեր 19-ին Ազերպայճանի նախագահի օգնական, նախագահի աշխատակազմի արտաքին քաղաքականութեան բաժնի ղեկավար Հիքմեթ Հաճիեւ Լոնտոնի մէջ լրագրողներուն յայտարարած է, թէ Ազերպայճան իր դրացի Հայաստանի հետ կայուն խաղաղութեան պայմանագիր կնքելու լուրջ խոչընդոտներ չի տեսներ եւ կը կարծէ, որ իրենց սահմաններու որոշման հարցը կրնայ լուծուիլ անջատաբար։

“35-ամեայ հակամարտութիւնը այժմ աւարտած է։ Ազերպայճանի ռազմավարութիւնը ներկայիս խաղաղութեան հասնիլն է եւ այդ գործողութիւններ կը պահանջէ երկու կողմերէն: Խաղաղութեան պայմանագիրը հրթիռային գիտութիւն չէ: Ազերպայճանի համար խաղաղութեան օրակարգի ճամբուն վրայ այլեւս խոչընդոտ չկայ”,– աւելցուցած է ան: