Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան Յուլիս 8-ին ընդունած է Էսթոնիոյ դեսպանուհի Ռինա Քալիւրանտը:
Հանդիպումին քննարկուած են երկու երկիրներու խորհրդարաններու համագործակցութեան առնչուող հարցեր:
“Մենք կը հետեւինք Էսթոնիոյ խորհրդարանի գործունէութեան եւ մեզի համար չափազանց կարեւոր է զգայուն հարցերու շուրջ որեւէ յայտարարութիւն կամ որեւէ այլ դրսեւորում”,– նշած է ԱԺ նախագահը: Ան անդրադարձած է Էսթոնիոյ խորհրդարանի նախագահ Եուրի Ռաթասի՝ անցեալ Մայիս 24-ին Շուշի կատարած այցին՝ զայն որակելով ծայրայեղ մտահոգիչ:
“Հայաթափուած Շուշիի մէջ պարոն Ռաթասի յայտարարութիւնները ո՛չ միայն չեն արտացոլեր մեր երկու երկիրներու միջեւ առկայ բարեկամական յարաբերութիւններու շունչը, այլեւ կը հակասեն Էսթոնիոյ պաշտօնական աջակցութեան՝ Մինսքի խումբի համանախագահութեան շրջանակին մէջ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման”,– ընդգծած է Ազգային ժողովի նախագահը: Ան տեղեկացուցած է դեսպանին, թէ այդ կապակցութեամբ նամակ յղած է պրն Ռաթասին, ուր բացատրած է հակամարտութեան էութիւնը եւ 2020-ի աղէտալի պատերազմին հետեւանքները: Սիմոնեան յոյս յայտնած է, որ, էսթոնացի իր պաշտօնակիցը յառաջիկային կ՚այցելէ Հայաստան եւ տեղւոյն վրայ կը ծանօթանայ իրավիճակին, նաեւ հանդիպում կ՚ունենայ Լեռնային Ղարաբաղը ներկայացնող պաշտօնատարներու հետ:
Իր կարգին, դեսպանուհին շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան համար, յոյս յայտնած է, որ յառաջիկային առիթ կ՚ունենայ իր երկրի խորհրդարանի նախագահին հետ քննարկելու գոյացած բոլոր հարցերը: Ան ՀՀ Ազգային ժողովի նախագահին փոխանցած է Եուրի Ռաթասի՝ Էսթոնիա այցելութեան պաշտօնական հրաւէրը, զոր Սիմոնեան սիրով ընդունած է:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։