ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական Կոմիտէի յայտարարութիւնը՝ Ֆրանսայի խորհրդարանական ընտրութիւններուն առիթով

Ֆրանսայի խորհրդարանական ընտրութիւնները, որոնք ըստ օրինի կատարուեցան երկու փուլով, աւարտեցան Կիրակի Յունիս 19-ին:

Ֆրանսայի Հայ դատի բարեկամ թեկնածուները, որոնք կը վայելէին ՀՅԴ Հայ դատի յանձնախումբին զօրակցութիւնը, մեծաւ մասամբ արձանագրեցին յաջողութիւն, մինչ թրքամէտ եւ ազերամէտ գրեթէ բոլոր թեկնածուները, որոնց դէմ զուգահեռաբար հակաքարոզչական կազմակերպեալ աշխատանք տարուած էր, կրեցին ծանր պարտութիւն: Նշենք, որ յառաջիկայ հինգ տարիներուն համար, Ֆրանսայի Ազգային Ժողովին մաս կը կազմեն հայազգի չորս երեսփոխաններ՝ Սարա Թանզիլլի, Կիյոմ Գասպարեան, Տիտիէ Բարաքեան եւ Աստղիտ Փանոսեան-Պուվէ, որոնց կը մաղթենք ամենայն յաջողութիւն:

Յատուկ շնորհակալութիւն կը յայտնենք նաեւ ընթացաւարտ հնգամեակի երեսփոխանուհի Տանիէլը Ղազարեանին, որ ունեցաւ փայլուն ու արժանապատիւ գործունէութիւն եւ միշտ գտնուեցաւ հայ համայնքի եւ Հայ դատի կողքին, սատարելով բոլոր կարիքներուն:

Յատուկ շնորհաւորութեան արժանի է, անշուշտ, Սարա Թանզիլլի, որ Ռոն-Ալփի շրջանէն երեսփոխան ընտրուեցաւ՝ իշխող նախագահական կուսակցութեան ցանկով: Սարան Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան անդամ է, փոքր տարիքէն մաս կազմած է ՀՅԴ-ի ընտանիքին: Ան ունեցած է ազգային-կուսակցական նկատառելի գործունէութիւն, բայց մա՛նաւանդ՝ Հայ դատի ծիրէն ներս, իբրեւ Յանձնախումբի աշխուժ անդամ: Ան տնօրէնն է Տեսինի Հայ մշակոյթի տան:

Վստահ ենք, որ Հայ դատի զօրակցութիւնը վայելող բոլոր երեսփոխանները պիտի շարունակեն հայանպաստ իրենց դիրքորոշումները ցուցաբերել, այս անգամ՝ Ազգային Ժողովի բարձրագոյն ամպիոնէն:

ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական Կոմիտէ

Փարիզ, 2022 Յունիս 20