Search
Close this search box.

ՀՅԴ Բիւրոյի յայտարարութիւնը Սուրիոյ իրադարձութիւններուն մասին

 

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոն խոր մտահոգութեամբ կը հետեւի Հալէպի եւ ընդհանրապէս Սուրիոյ մէջ վերջին օրերու իրադարձութիւններուն։ Մեր մտահոգութեան եւ ուշադրութեան հիմնական կեդրոնը յատկապէս Հալէպի եւ ընդհանրապէս Սուրիոյ տարածքին հայ համայնքին անվտանգութիւնը ապահովելն ու առօրեայ տանելի պայմաններ ստեղծելն է։ Այս նպատակով Հ.Յ.Դ. Բիւրօն մնայուն կապի մէջ է համայնքի պատասխանատուներուն հետ, որոնք իրենց առաւելագոյնը կ՚ընեն այս ուղղութեամբ։ Նոյն նպատակով կապի մէջ ենք նաեւ հայ հոգեւոր պետերուն եւ տարբեր քաղաքական շրջանակներու հետ։

Հալէպի եւ ընդհանրապէս Սուրիոյ մէջ կացութիւնը յարափոփոխ է։ Կոչ կ՚ուղղենք աշխարհասփիւռ մեր ժողովուրդին ըլլալ զգօն եւ պատրաստ՝ ամէն ձեւի օժանդակութիւն տրամադրելու սուրիահայ համայնքին։

Յաջորդ օրերուն յաւելեալ բացատրականով ու նախաձեռնութեամբ կը դիմենք մեր ժողովուրդին։

Հ.Յ.Դ. ԲԻՒՐՕ
2024 Դեկտեմբեր 1