Երէկ (2025 Յունուար 2 – «ՆՅ») երեկոյեան հաճոյքն ունեցանք մէկտեղուելու գրասէր բարեկամներու հետ, նախ շնորհաւորելու համար մէկզմէկու Նոր տարին եւ ապա քիչ մը “քաղաքականութիւն” խօսելու` մեր ազգային ու համայնքային ապրումներու ծիրին մէջ։
Սրտբաց եւ անկաշկանդ խօսակցութիւն մը թաւալեցաւ մեր միջեւ։ Եւ որովհետեւ, իբրեւ սուրիացի քաղաքացիներ, կը գտնուինք բոլորովին նոր ու բարեփոխեալ իրավիճակի մը մէջ, ուստի` խօսեցանք այնպէս, ինչպէս կը մտածենք, առանց աւելորդ կասկածամտութեան, առանց վախի զգացումի, մա’նաւանդ մէկդի հրելով տասնամեակներէ իվեր մեզ շղթայող այն ասացուածքը, թէ “պատերը ականջ ունին”…։
Այս հանդիպումը նախաձեռնուած էր քաղաքիս “Գանձասար” շաբաթաթերթի խմբագրուհի տիկ. Զարմիկ Պօղիկեանի կողմէ։ Իրեն միացանք չորսս` դոկտ. Հուրի Ազէզեան, օրդ. Մարիա Գաբրիէլեան, բանաստեղծ Յարվարդ (Յարութ Վարդանեան) եւ նուաստս։
Զրուցեցինք մեր համայնքը, մեր սիրելի Հալէպը եւ մեր բազմաչարչար Սուրիան տագնապեցնող այլաբնոյթ հարցերու մասին։
Լաւատեսութիւնը գերիշխեց հանդիպումին վրայ, ինչ որ շա’տ կարեւոր է։
Համոզուած էինք բոլորս ալ (կամ` գրեթէ բոլորս), թէ նոր եւ յուսալից շրջանի մը սկիզբը դրուած է Սուրիոյ մէջ։ Երկրին նոր իշխանութիւնը հաւասարակշռուած ու խելացի քայլերով կը ջանայ ամրապնդել թէ’ ներքին միասնականութիւնը, թէ’ ալ բացուիլ արտաքին աշխարհին։ Հոս֊հոն նկատուած թերիներ կամ սայթաքումներ կը սրբագրուին ինքնաբերաբար։ Բայց ամէնէն առաջ պէտք է ընդմիշտ սրբագրուին արտասահմանեան հայ մամուլի կամ լրասփիւռներու (Հայաստան թէ սփիւռք) խեղաթիւրեալ եւ անճիշդ տեղեկատուութիւնները, որոնք մտքեր կը պղտորեն ու մռայլ գոյներով կը սիրեն ներկել մեր երկինքը…։