Search
Close this search box.

Հնդկաստանի դեսպանը տեղեակ չէ Հայաստանին զէնք վաճառելու հարցին

Սեպտեմբեր 29-ին, դեսպաններու Գեղարքունիք այցելութեան ընթացքին Հայաստանի մէջ Հնդկաստանի դեսպան Քիշան Տան Տեւալ լրագրողներու հետ ասուլիսին, անդրադառնալով Հայաստանին զէնքի վաճառքի մասին լուրերուն, յայտնած է.-

“Չեմ կրնար մեկնաբանել, ես եւս անկանկալի եկայ այդ նորութիւնը լսելով”։

Ինչ կը վերաբերի Գեղարքունիքի մարզ այցելութեան, դեսպանը նշած է․-

“Ես եւ իմ գործընկերները ականատես եղանք գործուած աւերուածութիւններուն։ Մեր կեցուածքը ի սկզբանէ յստակ եղած է եւ հրապարակուած՝ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի արտակարգ նիստին, ուր մեր ներկայացուցիչը կոչ ուղղեց, որ յարձակողը անմիջապէս դադրեցնէ ռազմական գործողություններն ու պահպանէ հրադադարը”։