Search
Close this search box.

ՀՆԴԿԱՍՏԱՆ – Հայաստանի անկախութեան տօնին եւ Ազնաւուրի 100-ամեակին նուիրուած պաշտօնական ընդունելութիւն

Սեպտեմբեր 19-ին, Հայաստանի դեսպանութեան կազմակերպութեամբ, Նիւ Տելհիի մէջ տեղի ունեցած է պաշտօնական ընդունելութիւն մը՝ Հայաստանի անկախութեան 33-րդ տարեդարձին եւ Շառլ Ազնաւուրի 100-ամեակին առիթով։ Երեկոյթին պատուոյ հիւրը եղած է Հնդկաստանի Արտաքին գործոց պետական նախարար Գիրթի Վարտհան Սինկհ:

 

Դեսպան Վահագն Աֆեան իր ելոյթին անդրադարձած է հայ եւ հնդիկ ժողովուրդներու  պատմական կապերուն, բարի կամքի եւ փոխադարձ վստահութեան ամուր հիմքերու վրայ խարսխուած գործընկերային շփումներուն, երկու երկիրներու միջեւ առկայ բազմոլորտ համագործակցութեան եւ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթ ծրագրերուն:

Իր կարգին, Պետական նախարարը խօսած է ժողովրդավարութեան արժէքներուն երկուստեք հաւատարմութեան, ինչպէս նաեւ միատեղ ջանքերով շարունակական գործընկերութեան ամրապնդման ուղղուած քայլերու մասին:

 

Այնուհետեւ ելոյթ ունեցած է Լոնտոնի “Klingen” սենեկային նուագախումբը, որ թենոր, դաշնակահար մաէսթրօ Սիփան Օլահի խմբավարութեամբ ներկայացուցած է Կոմիտասի, Խաչատրեանի, Բաբաջանեանի, Ազնաւուրի եւ այլ անուանի հայ երաժիշտներու ստեղծագործութիւններէն փունջ մը։

Նշենք, թէ նոյն առիթով նախորդ օրը՝ Սեպտեմբեր 18-ին, այս անգամ Կալկաթայի Մարդասիրական ճեմարանի սրահին մէջ կազմակերպուած է համերգ մը, Հայաստանի դեսպանութեան եւ տեղւոյն Սուրբ Նազարէթ եկեղեցւոյ խորհուրդին համագործակցութեամբ։

Ելոյթ ունեցած են “Klingen” սենեկային նուագախումբը եւ հայկական ճեմարանի երգչախումբը։