Search
Close this search box.

ՀՆԴԿԱՍՏԱՆ – Հնդկական  «Diplomatist»  միջազգային  յարաբերութիւններու  վերլուծական  ամսագրին՝ Հայաստանի  նուիրուած  յատուկ  թիւին  շնորհահանդէսը

Մայիս  24-ին,  Հայաստանի դեսպան  Վահագն  Աֆեան մասնակցած է  Նիւ  Տելհիի  մէջ  կայացած  Հնդկաստանի  արտադրողներու  դաշնակցութեան  (FIEO)՝  Հնդկաստան-Հայաստան  համաժողովին,  որու  ընթացքին  տեղի  ունեցած է  հնդկական  «Diplomatist»  միջազգային  յարաբերութիւններու  վերլուծական  ամսագրին՝ Հայաստանին  նուիրուած յատուկ  թիւին շնորհահանդէսը:

Դեսպանը իր ելոյթին  անդրադարձած  է  հայ-հնդկական  բարեկամական  յարաբերութիւններու  վերջին  շրջանի  զարգացումներուն,  փոխշահաւէտ  համագործակցութեան  ընդլայնուող  բնագաւառներուն,  Հայաստանի՝  աճ  արձանագրող  տնտեսական  ցուցանիշերուն  եւ  ներդրումային  բարենպաստ  պայմաններուն:

Ամսագրին մէջ տեղ գտած են հարցազրոյցներ ու յօդուածներ,  ուր կը ներկայացուին Հայաստանի  «Ակադեմական  քաղաք»  ծրագրին,  հայ-հնդկական  կրթամշակութային  եւ  առեւտրատնտեսական  բնագաւառներուն,  զբօսաշրջութեան  գրաւչութիւններու  մասին յաւելեալ  տեղեկութիւններ ու պարզաբանումներ։