Հոկտեմբեր 21-էն 27 ԵԱՀԿ-ի առաքելական խումբ մը կ՚այցելէ Հայաստան

 

Հայաստանի կառավարութեան հրաւէրով, հոկտեմբեր 21-էն 27 ԵԱՀԿ-ի (Եւրոպայի Անվտանգութեան եւ Համագործակցութեան Կազմակերպութիւն) առաքելական խումբ մը կ՚այցելէ Հայաստան՝ Ազերպայճանի հետ սահմանամերձ տարածքներուն իրավիճակը գնահատելու նպատակով։

Միջազգային փորձագէտներէ եւ ԵԱՀԿ-ի քարտուղարութեան ներկայացուցիչներէ կազմուած թեքնիք խումբը կ՚այցելէ հայ-ազերպայճանական սահմանային շրջաններ եւ խորհրդակցութիւններ կ՚ունենայ համապատասխան ազգային եւ տեղական շահագրգիռ կողմերու, ինչպէս նաեւ տեղւոյն վրայ հաստատուած միջազգային գործընկերներու հետ: