Սեպտեմբեր 17-ին, Պուտափեշտի մէջ տեղի ունեցած է Հունգարիոյ ինքնավար հայ Համայնքի ներկայացուցչութեան նոր գրասենեակին պաշտօնական բացումը, ներկայութեամբ՝ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Սմբատեանի, Հունգարիոյ Պետական նախարար Միքլոշ Շոլթեսի եւ Հայ ինքնավար համայնքի նախագահ Ցառան Իշթվանի։
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկած է Պետական նախարարը եւ ընդգծած Հունգարիոյ հայութեան կարեւոր դերը երկրի կեանքին մէջ։ Դեսպան Սմբատեան անդրադարձած է հայ համայնքի ներդրումին՝ Հայաստան-Հունգարիա յարաբերութիւններու զարգացման եւ ամրապնդման մէջ, իսկ Ցառան Իշթվան շնորհակալութիւն յայտնած է Հունգարիոյ կառավարութեան՝ նոր գրասենեակի յատկացման գծով ցուցաբերած աջակցութեան համար։
Արարողութեան աւարտին, դեսպանը՝ Հունգարիոյ Ազգային ժողովի մէջ Հայ ինքնավար համայնքի բանբեր Նիկողոս Յակոբեանը պարգեւատրած է Հայաստանի Ազգային ժողովի պատուոյ շքանշանով՝ երկու երկիրներու միջխորհրդարանական կապերու զարգացման ուղղութեամբ անոր հետեւողական աշխատանքին համար։
Նոյն օրը, Պուտափեշտի «Երաժշտութեան տուն» համերգասրահին մէջ կազմակերպուած է երաժշտական երեկոյթ մը՝ նուիրուած Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 33-րդ տարեդարձին եւ Շառլ Ազնաւուրի 100-ամեակին:
Հանդիսութեան ներկայ եղած են Հունգարիոյ Ազգային ժողովի փոխնախագահը, Հունգարիոյ մէջ հաւատարմագրուած դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու ղեկավարներ, խորհրդարանականներ, Արտաքին գործոց եւ Առևտուրի, ինչպէս նաեւ այլ նախարարութիւններու բարձրաստիճան պաշտօնատարներ, հայ համայնքի ներկայացուցիչներ։
Ներկաներուն շնորհաւորական ուղերձ յղած է դեսպան Աշոտ Սմբատեան՝ անդրադառնալով Հայաստան-Հունգարիա յարաբերութիւններուն, հայ եւ հունգար ժողովուրդներու պատմական առնչութիւններուն, բարձր գնահատելով նաեւ Ազնաւուրի արուեստը։
Այնուհետեւ ելոյթ ունեցած են Հայաստանի պետական ճազ նուագախումբին երաժիշտները, մենակատարութեամբ՝ Գոռ Սուջեանի եւ Ինգա Արշակեանի, լսարանին ներկայացնելով իրենց կատարողական բարձր արուեստը։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։