Search
Close this search box.

ՀՈՒՆԳԱՐԻԱ – Վարչապետ Փաշինեան Պուտափեշտի մէջ մասնակցած է Եւրոպական քաղաքական համայնքի 5-րդ վեհաժողովին

Նոյեմ­բեր 7-ին, վար­չա­պետ Նի­կոլ Փա­շինեան Հունգա­րիոյ մայ­րա­քաղաք Պու­տա­փեշ­տի մէջ մաս­նակցած է Եւ­րո­պական քա­ղաքա­կան հա­մայնքի 5-րդ վե­հաժո­ղովին: Հունգա­րիոյ վար­չա­պետ Վիք­թոր Օր­պան դի­մաւո­րած է բարձրաս­տի­ճան հիւ­րե­րը: 

Բաց­ման պաշ­տօ­նական արա­րողու­թե­նէն ետք, Փա­շինեան շարք մը եր­կիրնե­րու առաջ­նորդնե­րուն հետ մաս­նակցած է նաեւ «Տնտե­սական անվտան­գութիւն» կլոր-սե­ղանի փակ քննար­կումին: 

Վե­հաժո­ղովի շրջա­նակին մէջ նա­խատե­սուած էին Հա­յաս­տա­նի վար­չա­պետին հանդիպումները տարբեր երկիրներու ղեկավարներուն հետ: ■