Search
Close this search box.

Հռոմի պապը համբուրած է Խաժակ արք. Պարսամեանի կրած սրբազան կախազարդը

Մայիս 31-էն Յունիս 6 Վատիկանի մէջ տեղի կ՚ունենար Արեւելեան ուղղափառեւ կաթոլիկ եկեղեցիներու միջեւ երկխօսութեան երկրորդ հաւաք-հանդիպումը, որուն մասնակցած են նաեւ հայ հոգեւորականներ։

Ժողովականները Յունիս 4-ին պաշտօնական հանդիպում մը ունեցած են Փրանկիսկոս պապին հետ, որուն՝ Հայաստանի պատուիրակութիւնը ներկայացուցած են Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեանց հոգեւորականներ, նախագահութեամբ Ս. Աթոռին մէջ Հայաստանեայց եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ Խաժակ արք. Պարսամեանի:

Ընկերային ցանցերու վրայ բազմաթիւ նկարներ կը շրջին այս հանդիպումէն։ Իսկ Phoenix Tour Armenia հայկական զբօսաշրջային գործակալութիւնը Դիմագիրքի իր էջով հրապարակած է նկար մը ուր Փրանկիսկոս պապը ծնրադիր կը համբուրէ Խաժակ արք. Պարսամեանի կրած՝ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ սրբազան կախազարդը։

Գործակալութիւնը լուսանկարին քով կատարած է հետեւեալ գրառումը.-

«Հիանալի լուսանկար է Վատիկանի ուղղափառ հոգեւորականներու եւ վանականներու հանդիպումէն. Հռոմի պապը կը համբուրէ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ սրբազան կախազարդը՝ ողջունելով հայ հիւրերը»: