Search
Close this search box.

ՀՌՈՄ – «Շնորհքներու լիութիւն, մարդկայնութեան տիպար…» Սուրբ Ներսէս Շնորհալիի նուիրուած գիտաժողովը

Նոյեմբեր 30-ին Հռոմի Քահանայապետական Արեւելեան հիմնարկին մէջ, հաստատութեան տեսուչ, Յիսուսեան միաբանութեան անդամ Հայր Տավիտ Նազարի, Հռոմի մէջ Հայաստանի դեսպան Կարէն Նազարեանի, Քրիստոնեաներու միութեան խթանման վերատեսչութեան ներկայացուցիչ Հայր Տեսթեվիլի եւ Արեւելեան եկեղեցիներու վերատեսչութեան ղեկավար` կարդինալ Գլաուտիօ Կուճերոթիի ողջոյնի խօսքերով բացումը կատարուած է «Շնորհքներու լիութիւն, մարդկութեան տիպար. Սուրբ Ներսէս Շնորհալի հազարամեակներու խաչմերուկին» խորագրով գիտաժողովին։

Գիտական այս հաւաքը մաս կը կազմէր այն ձեռնարկներուն, որոնք նախատեսուած էին Հայոց մեծ հայրապետ` Սուրբ Ներսէս Շնորհալիի մահուան 850-ամեակին առիթով, որոնք ջնջուեցան 2023 Սեպտեմբեր 19-էն ետք Արցախի մէջ ստեղծուած ծանր իրավիճակին հետեւանքով։ 

 

Շնորհալի հայրապետին նուիրուած միջազգային այս գիտաժողովը համախմբած է տարբեր ծագում ունեցող առաջատար գիտնականներ եւ եկեղեցականներ, որոնք երկու օրուան քննարկումներու ընթացքին անդրադարձած են Ս. Ներսէս Շնորհալիի բազմաշերտ ժառանգութեան։

Գիտաժողովին մասնակցած են միջազգային գետնի վրայ ճանաչում գտած գիտնականներ և փորձագէտներ, որոնց շարքին յիշենք` կարդինալ Գլաուտիօ Կուճերոթթին, Անուշաւան արք. Դանիէլեանը, Պօղոս Լեւոն արք. Զեքիեանը, Դանիէլ եպիսկ. Ֆինդիկեանը, Շահէ Անանեանը, Վահան Տէր-Ղեւոնդեանը, Ազատ Պոզոյեանը, Աբրահամ Տէրեանը, հայր Ռիքքարտօ Փանէն, Զարուհի Պօղոսեանը, Մարքօ Պայսը, Վալենթինա Քալցոլարին, Սերճօ լա Փորթան…։

Նշենք, թէ Վատիկանը եւս ուզած է յիշատակել Սուրբ Ներսէս Շնորհալիի մահուան 850-ամեակը անոր նուիրելով յատուկ դրոշմաթուղթ մը, որ լոյս ընծայուեցաւ 2023 Սեպտեմբեր 21-ին, զուգադիպութեամբ Հայաստանի հանրապետութեան անկախութեան տօնին։

Դրոշմաթուղթը ներկայացնող գրութեան մէջ ի միջի այլոց կը կարդանք.

«Պատկանելով նշանաւոր իշխաններու եւ հայ ականաւոր եկեղեցականներու ընտանիքին, Ներսէս Շնորհալի եղած է վանական, եպիսկոպոս, եւ վերջապէս կաթողիկոս՝ որ Հայ եկեղեցւոյ նուիրապետութեան գերագոյն արժանապատւութիւնն է։ Ժամանակակիցները իրեն տուած են «Շնորհալի» կամ «շնորհքով լի» մականունը՝ անոր սրբութեան ու խոնարհ բարեսիրութեան պարգեւներուն համար, որոնք բեղմնաւորեցին անոր կեանքն ու գործերը։

Շնորհալի եղաւ աստուածաբան եւ ինքնատիպ հոգեւոր հեղինակ, իր Եկեղեցւոյ վարդապետութեան իրազեկագիտութեամբ եւ Քրիստոսի չարչարանքներուն լիակատար նուիրումով»: