2024 Նոյեմբեր 11-22 Պաքուի մէջ կայանալիք COP29 միջազգային համաժողովի նախօրեակին, Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդը (ԵՀԽ) կոչով հանդէս եկած է «բոլոր բարի կամքի տէր մարդոց» միանալու Հայաստանին նուիրուած աղօթքի օրուան, որ համայն աշխարհի մէջ հայ եւ այլ համայնքներու կողմէ պիտի նշուի յատուկ աղօթքով՝ նուիրուած Ազերպայճանի մէջ ապօրինաբար պահուող հայ գերիներուն:
Նոյեմբեր 10-ին՝ Պաքուի մէջ նախատեսուած կլիմայական բանակցութիւններու (COP29) բացման նախօրեակին, Հռոմի մէջ եւս պիտի կազմակերպուի միջեկեղեցական աղօթք, որ տեղի պիտի ունենայ Սուրբ Նիկողայոս եկեղեցւոյ մէջ ժամը 17-ին, Հռոմի Քահանայապետական Լեւոնեան վարժարանի եւ Սուրբ Աթոռի Հայ առաքելական եկեղեցւոյ ներկայացուցչութեան նախաձեռնութեամբ՝ «Վասն եղբարց մերոց գերելոց շնորհեայ ազատութիւն զՏէր աղաչեսցուք»» (Սուրբ Պատարագ, աղօթք առաքելու մեր Տիրոջ՝ գերեվարուած մեր եղբայրներու ազատութեան համար)։
Բոլոր բարի կամքի տէր մարդիկ, որոնք կը հաւատան ճշմարտութեան ու արդարութեան, հրաւիրուած են միանալու։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։