Ընդդիմութեան՝ անհնազանդութեան ցոյցերը, պահ մը գաւառի շրջաններ փոխադրուելէ ետք, կը շարունակուին Երեւանի մէջ։
Մայիս 17-ի առաւօտեան տեղի ունեցող ցոյցերու ընթացքին՝ ուրիշներու հետ հսկողութեան տակ առնուած են նաեւ Ազգային ժողովի նախկին երեսփոխաններ Նայիրա Զօհրաբեանն («Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան նախկին անդամ) ու Արմէն Աշոտեանը (ՀՀԿ-ական)։
Վերջինս Դիմագիրքի իր էջին գրած է.
«Բռնեցին ստոր ձեւով։ Չթողնելով, որ ծաղիկ խոնարհեմ ցեղասպանութիւնների զոհերի յուշակոթողի մօտ։
Էրեբունի բաժանմունքում եմ»:
Աւելի վերջ հսկողութեան տակ առնուած է նաեւ ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոբերտ Քոչարեանի որդին՝ Լեւոնը:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։