Search
Close this search box.

Հրայր Բազէ ներկայացուցած է «Խաչքար» եռալեզու պատկերագիրքը

 

Օգոստոս 27-ին, Հայաստանի Ազգային գրադարանի յարկին տակ լիբանանահայ լուսանկարիչ, արուեստագէտ Հրայր Բազէ Խաչերեան ներկայացուցած է 2024-ին լոյս տեսած «Խաչքար» եռալեզու (հայերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն) պատկերագիրքը։

Հանդիսականներու հետ հանդիպումը իրական ճամբորդութիւն մը եղած է հայկական խաչքարերու աշխարհին մէջ։ Հրայր Բազէ ներկաներուն բացատրած է հայկական խաչքարի էութիւնը. ի՞նչ է խաչքարը եւ ինչպէ՞ս կարելի է «կարդալ» զայն։

Ան հայ ձեռագիր մատեաններու մանրանկարչութեան եւ խաչքարերու լուսանկարներու համադրութեամբ ներկայացուցած է Հայաստանի, Արցախի, պատմական Հայաստանի տարածքներու, ինչպէս նաեւ աշխարհով մէկ սփռուած նշանաւոր խաչքարերը, քարի մէջ ամփոփուած աստուածաշնչեան մեկնութիւնները։

Ներկաները ծանօթացած են Ազգային գրադարանի հաւաքածոյէն՝ հեղինակին տարբեր տարիներուն լոյս տեսած պատկերագիրքերուն։

Հայաստանի Ազգային գրադարանի տնօրէն Աննա Չուլեան տեղեկացուցած է, որ Հրայր Խաչերեանի համաձայնութեամբ անոր բոլոր գիրքերուն թուային տարբերակները շուտով հասանելի պիտի ըլլան Գրադարանի առցանց շտեմարանին մէջ։

Հանդիպումին ներկայ եղած են ծանօթ արուեստագէտներ, պատմաբաններ, հնագէտներ։ Հնագէտ, պատմաբան դոկտ. Յակոբ Սիմոնեան բարձր գնահատած է Հրայր Բազէի հետազօտական աշխատանքը։ “Հրայր Բազէ եւ իր սերնդակիցներ Զաւէն Սարգսեան, Արգամ Այվազեան եւ Սամուէլ Կարապետեան անգնահատելի աշխատանք  տարած են հայ մշակութային ժառանգութեան ինքնատիպ դրսեւորման՝ խաչքարերու արուեստը հանրութեան ներկայացնելու համար”,– ըսած է ան։