Պոլսոյ «Ակօս» շաբաթաթերթի խմբագիր, նահատակ լրագրող Հրանդ Տինք այս տարի պիտի դառնար 70 տարեկան։
Անոր նահատակութենէն անմիջապէս ետք, պոլսահայ բանաստեղծ Զահրատ հետեւեալ տողերը ձօնած էր անոր յիշատակին.
Աղաւնիները համոզեցին, ըսին որ իրենց վրայ չեն կրակեր, Հրանդ հաւատաց: Թէպէտ երկչոտ՝ հաւատաց թէ աղաւնի մըն է:
Բայց կրակեցին:
Նախատեսած էր, մէկ քանի տարի առաջ ըսած էր ինծի.
«Իմ մահը պիտի ըլլայ ոտքի վրայ՝ կանգնած, ոչ թէ պառկած՝ անկողնի մէջ»:
Թող պառկի լոյսերու մէջ։
Եթէ մեզի հարցնէք, ան միշտ յաղթական պիտի կանգնի՝ անաղարտ արձանի մը պէս»:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։