Search
Close this search box.

Հրդեհ՝ Երուսաղէմի պատրիարքութեան Ձեռագրաց առժամեայ պահոցին մէջ

Հաղորդագրութիւն՝

Երուաղէմի Սրբոց Յակոբեանց Միաբանութեան

Սրտի ցաւով կու գանք տեղեկացնելու հայ հասարակութեան, թէ 2024 Հոկտեմբեր 22-ին, Պատրիարքութեանս Կիւլպէնկեան մատենադարանին մէջ գտնուող Ձեռագրաց առժամեայ պահոցին մէջ արտակարգ հրդեհ ծագած էր։

Հրդեհի պահուն, բարեբախտաբար Մատենադարանի տեսուչ՝ Տ․ Ներսեհ վրդ․ Ալոյեան, որ իր գրանսենակին մէջ կ’աշխատէր, կը նշամարէ ելեկտրականութեան տատանում, ապա կը բանեցնէ հրդեհի ազդանշանը։ Վերջինս անմիջապէս լուր կու տայ վանքիս ելեկտրագործին եւ միասին կը բարձրանան Մատենադարանի երկրորդ յարկ՝ ստուգելու ինչ է խնդիրը եւ կը նշմարեն թէ Ձեռագրապահոցի օդափոխութեան անցքերէն ծուխ կ՚ելլէ։ Հ․ Ներսեհ անմիջապէս կը հեռաձայնէ Ձեռագրատան տեսուչ՝ Տ․ Արշակ աբղ․ Ղազարեանին, որ կը փութայ եւ կը բանայ պահոցի դուռը եւ ականատես կ’ըլլան թանձր եւ հեղձուցիչ ծուխի ամպերու։ Հազիւ կը նշմարեն, որ պահոցին մէջ ձեռագրերու համար մնայուն ջերմաստիճան ապահովելու նպատակով զետեղուած օդազտիչը, որ միշտ կը բանէր՝ կ’այրի։

Մատենադարանի տեսուչ՝ Հ․ Ներսեհ եւ իր օգնական օրիորդ Աննա Բարսեղեան, Ձեռագրատան տեսուչ՝ Հ․ Արշակ, ելեկտրագործ՝ Պաշշար ալ-Ռաժապ եւ վանքիս շարժավար՝ Տիգրան Շահգալդեան ջուրով եւ հրդեհամարիչ կազերով մեծ դժուարութեամբ կը յաջողին մարել կրակը եւ թանձր ծուխի մէջ՝ բանալ պատուհանները։ Ապա լուր կու տան վանքիս աւագ թարգման՝ Տ․ Վազգէն վրդ․ Ալեքեանին, որ հրշէջ կանչէ։ Հրշէջները երբ կը ժամանեն անմիջապէս բոլորը դուրս կը հրաւիրեն եւ յատուկ փոմփով կը մաքրեն պահոցին թանձր ծուխը։

Բարեբախտաբար օդազտիչը զետեղուած էր պահոցին անկիւնը՝ հեռու ձեռագրերու պահարաններէն։ Աստուծոյ ողորմութեամբ հրդեհէն ոեւէ ձեռագիր չէ՛ վնասած, չէ՛ այրած։ Միակ վնասը պահոցի մէջ լեցուած ծուխէն մնացած մուրն է, որ նստած է ձեռագրերու կողերուն, ինչ որ շուտով պիտի մաքրուի եւ ձեռագրերը պիտի փոխադրուին նորաշէն Ձեռագրատուն, որ զինուած է ոչ միայն հակահրդեհային համակարգի ազդանշանով, այլ նաեւ հրդեհի պարագային կրակը անմիջապէս մարելու կազի սրսկման համակարգով։ 

Կրակը մարելէ յետոյ, հրդեհի պահուն պահոցը գտնուած՝ Մատենադարանի տեսուչ՝ Տ․ Ներսեհ վրդ․ Ալոյեան, Ձեռագրատան տեսուչ՝ Տ․ Արշակ աբղ․ Ղազարեան, Մատենադարանի հաւաքածոներու եւ գրացուցակներու համակարգող՝ օր․ Աննա Բարսեղեան, ելեկտրագործ՝ Պաշշար ալ-Ռաժապ, շարժավար՝ Տիգրան Շահգալդեան, Պատրիարքարանիս հաշուապահ՝ Մուսա Քամար, Պատրիարքարանի մաքրութեան օգնական՝ Ճօնի Պա’ապիշ շտապ օգնութեամբ փոխադրուեցան հիւանդանոց, ապա բժշկական քննութիւններէ եւ անհրաժեշտ ներարկումներէ յետոյ ուշ գիշերին վերադարձան վանք։ 

Թող Տիրոջ ողորմութիւնը եւ Սուրբ Գլխադրի եւ ձեռագիր մատեաններու գրիչ հայրերու բարեխօսութիւնը անպակաս ըլլայ Սուրբ Աթոռէս եւ յատկապէս անոնցմէ, որ անձնուէր կերպով փութացին մարելու ծագած հրդեհը։

Յ․Գ․– Տարիներ առաջ, երբ Ս․ Թէոդորոս եկեղեցւոյ մէջ անձրեւաջուրերը կը թափանցէին եւ ձեռագրերուն վնաս պատճառելու վտանգ կը սպառնար, Տնօրէն ժողովի որոշումով օրուան տեսուչ՝ Տ․ Շնորհք աբղ․ Պալոյեան իր օգնականներուն հետ միասին ձեռագրերը ըստ Մայր Ցուցակ Ձեռագրաց Սրբոց Յակոբեանց հատորներու՝ հաշուած եւ փոխադրած էր Կիւլպէնկեան մատենադարանի երկրորդ յարկ՝ յատուկ առժամեայ պահոց։ 

Երբ Հ․ Շնորհք մեկնեցաւ Հայաստան՝ իր ծառայութիւնը հոն շարունակելու, Տնօրէն ժողովը նշանակեց Տ․ Ներսեհ աբղ․ Ալոյեանը որպէս Ձեռագրատան նոր տեսուչ, նաեւ չորս հոգինոց յանձնախումբ մը, որոնք ձեռագրերը մէկ առ մէկ հաշուելէ յետոյ արձանագրութիւն կազմեցին եւ տեղի ունեցաւ յանձնում-ստանձնումը։

2021-ին երբ Ձեռագրատան տեսուչ նշանակուեցաւ Տ․ Արշակ աբղ․ Ղազարեան, դարձեալ ձեռագրերը երեք հոգինոց յանձնախումբով մէկ առ մէկ հաշուեցին եւ տեղի ունեցաւ յանձնում-ստանձնում։

Յիշեալ փոխանցումներու ժամանակ ձեռագրերը հաշուուած եւ ստուգուած են ըստ Նորայր արք․ Պողարեանի Մայր Ցուցակ Ձեռագրաց Սրբոց Յակոբեանց հատորներու եւ ապա արձանագրութիւն կազմուած եւ ներկայացուած է Տնօրէն ժողովին։

ԴԻՒԱՆ Ս․ ԱԹՈՌՈՅ