Search
Close this search box.

Ձեռակերտ փոքր կարպետներու եւ հայ երաժշտութեան մտերմութիւնը Վիեննայի մէջ

Գրեց՝ Փրոֆ. Արա Սայեղ

Հայաբ­նակ գա­ղութնե­րու եւ մաս­նա­ւորա­բար եւ­րո­պաց­րիւ հա­յու­թեան հա­մար միշտ ալ այնքան ող­ջունե­լի եւ անհրա­ժեշտ են, ցան­ցա­կերպ հա­մագոր­ծակցու­թեան յայ­տա­գրեր ու առիթ­ներ ստեղ­ծե­լը։

 Ժա­մանա­կակից դիւ­րա­հաղոր­դութեամբ յատ­կանշուող պայ­մաննե­րու մէջ անհրա­ժեշտ են հայ­կա­կան հա­մայնքնե­րու մեր­ձե­ցու­մի ու հա­մագոր­ծակցու­թեան առա­ջադ­րութիւննե­րը՝ միաս­նա­բար ծրագ­րե­լու եւ գոր­ծադրե­լու կամ­քը, կա­րելիու­թիւններ եւ գոր­ծի­քաւո­րումներ որո­նելու ու գործնա­կանաց­նե­լու մար­տա­վարու­թիւնը։ 

Այ­սօր հայ աւան­դա­կան կամ ինքնա­վար հա­մայնքնե­րէն հե­ռու, նո­րածիլ հայ հա­մայնքնե­րու մէջ, հա­մացան­ցա­յին եւ ըն­կե­րային ցան­ցե­րու լայն կա­րելիու­թիւննե­րով յատ­կանշուող պայ­մաննե­րու մէջ, հայ ան­հատներ կա­րող են եր­բեմն հա­ւաքա­կան կամ հայ­կա­կան միաւոր­նե­րու աշ­խուժու­թեամբ, աշ­խա­տասի­րու­թեամբ, կեն­սունա­կու­թեամբ, իրենց հայ­կա­կանու­թիւնը ծա­նօթաց­նել տեղ­ական օտար մի­ջավայրնե­րու մէջ։ Օտար հան­րութեան հայ մշա­կոյ­թը ներ­կա­յաց­նե­լու, հայ­կա­կանը տե­սանե­լի դարձնե­լու լայն հնա­րաւո­րու­թիւններ կա­րելի է գտնել, մա­նաւանդ օտար­նե­րուն հայ ազ­գա­յին ինքնու­թեան բա­ղադ­րիչնե­րը ծանօթացնե­լու, հայ մշա­կու­թա­յին առանձնա­յատ­կութիւննե­րը ներ­կա­յաց­նե­լու բազ­մա­պիսի մի­ջոց­ներ կա­րելի է ստեղ­ծել։ 

Գոր­գա­գոր­ծութիւ­նը եւ անոր յա­րակից տար­բեր չա­փերով կար­պետնե­րը հայ ժո­ղովուրդի դա­րաւոր մշա­կոյ­թի եւ գե­ղարուես­տա­կան բնոյ­թի նա­խասի­րած ար­հեստնե­րէն են հա­յերուս հա­մար։ Կար­պետնե­րու արուես­տը ու­նի այնքա՜ն անի­մանա­լի խոր­հուրդներ, կու­տա­կուած պատ­գամներ եւ եր­բեմն թա­քուն ու դժուարի­մաց նշա­նադ­րոշմներ, խո­րիմաս­տութիւններ։ Անոնք միահիւ­սուած են հայ մար­դու հո­գիի եւ էու­թեան հետ, զօ­դուած են հա­յու ինքնու­թեան՝ հա­ւատ­քի, ստեղ­ծա­գոր­ծող մտքի եւ հո­գիի ըն­դունա­կու­թիւննե­րուն, ձիր­քե­րուն հետ, հայ ազ­գի տե­սիլքնե­րու վկա­յարան­նե­րը կա­րելի է հա­մարել զանոնք։ 

Հա­ւատա­լով նաեւ, որ կա­րելի է ել­քեր գտնել նիւ­թա­կան կաշ­կանդող եւ եր­բեմն գոր­ծունէու­թիւննե­րը սահ­մա­նափա­կող պար­տադրանքնե­րը յաղ­թա­հարե­լու, յա­նուն ապա­գայի յա­ջոր­դող հայ սե­րունդնե­րուն՝ հայ ինքնու­թեան ու ազ­գա­յին պատ­կա­նելիու­թիւնը պահ­պա­նելու։ 

Այս մտադ­րութեան գործնա­կան եւ օրի­նակե­լի ար­գա­սիքն էին 25-26 Մա­յիս 2024 թուակա­նին Վիեն­նա­յի ՀՄԸՄ-ի մե­կու­սի վար­չութեան կազ­մա­կեր­պութեամբ եւ հրա­ւէրով իրա­կանա­ցած հայ կար­պե­տագոր­ծութեան նուիրուած աշ­խա­տանոց­նե­րը ու անոնց զու­գա­հեռ հայ երաժշտու­թեան հա­մերգնե­րը։ 

Դա­նիա Սա­յեղ Լե­հաս­տա­նի մէջ հայ կար­պե­տագոր­ծութեան արուես­տը դա­սաւան­դե­լու յանձնա­ռու­թիւնը հա­ւատ­քի վե­րածած, մեր մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գութեան այս արուես­տի ու­րոյն մաս­նի­կը կեան­քի կո­չելու նա­խաձեռ­նութեամբ, կարճ ժա­մանա­կի մը մէջ փոքր չա­փի հայ­կա­կան կար­պե­տագոր­ծութեան տաս­նեակ մը աշ­խա­տանոց­ներ իրա­գոր­ծած է, կազ­մա­կեր­պած է հան­րա­յին թէ ան­հա­տական ցու­ցա­հան­դէսներ ու մասնակցած անոնց։ 

Լե­հաս­տա­նէն դէ­պի Վիեն­նա եր­կար ճամ­բորդու­թիւնը յանձն առած, Դա­նիա եր­կու օրե­րու ըն­թացքին Վիեն­նա­յի ՀՄԸՄ-ի կեդ­րո­նին մէջ եր­կու խումբե­րու մաս­նա­կից­նե­րուն դա­սաւան­դեց կար­պե­տագոր­ծութեան սկզբնա­կան կա­նոն­նե­րը, գործնա­կան վար­ժութիւննե­րու, գե­ղարուես­տա­կան ցուցմունքնե­րու օգ­նութեամբ, դա­սըն­թացնե­րու 20 հայ մաս­նա­կից­նե­րուն ծա­նօթա­ցուց հայ­կա­կան փոքր չա­փի ժո­ղովրդա­կան մշա­կոյ­թի կար­պե­տագոր­ծութեան կեր­պե­րը, հայ­կա­կան խորհրդա­ւոր եւ բազ­մա­կերպ զար­դա­նախ­շե­րը, բազ­մե­րանգ հարստու­թեամբ գոյ­նե­րը օգ­տա­գոր­ծե­լու արուես­տը։ Մասնակից­նե­րը սոր­վե­ցան կար­պետ հիւ­սե­լու ճար­տա­րու­թիւնը, հիւ­սե­ցին իրենց առա­ջին ձե­ռակերտ կար­պետնե­րու նմուշնե­րը, ձեռք բե­րին հայ­կա­կան զար­դա­նախ­շեր հիւ­սե­լու փոր­ձա­ռու­թիւնը։ 

Շա­բաթ 25 եւ Կի­րակի 26 Մա­յիս եր­կու օրե­րու կար­պե­տագոր­ծութեան ար­հեստա­նոց­նե­րէն ետք ՀՄԸՄ-ի կեդ­րո­նի ան­դամներն ու հիւ­րե­րը առի­թը ու­նե­ցան ըմ­բոշխնե­լու երաժշտա­կան հա­մերգնե­րը, Լե­հաս­տա­նէն հիւ­րա­բար ժա­մանած նախ­կին հա­լէպա­հայեր Գէորգ եւ Արամ Սա­յեղ եղ­բայրնե­րու (GOARM band) կա­տարու­մով։ Ալ­թի եւ կի­թառի զմայ­լիչ ձայ­նե­րով եւ տղոց եր­գե­ցողու­թեամբ հայ­կա­կան եւ աշու­ղա­կան եր­գե­րու եր­գա­ցան­կը յա­տուկ ոգե­ւորու­թիւն մը պարգեւեց ունկնդիր­նե­րուն։

Այս առի­թով եկէ՛ք ծա­նօթագ­րա­կան հա­մառօտ լու­սանցք մը պար­զենք Վիեն­նա­յի հայ­կա­կան օճա­խին:

Աւստրիոյ մէջ հա­յերու ներ­կա­յու­թիւնը ու­նի դա­րաւոր պատ­մութիւն։ Վիեն­նա­յի մէջ կը բնա­կի Աւստրիոյ հա­յու­թեան ճնշող մե­ծամաս­նութիւ­նը: Հա­յերու դէ­պի Աւստրիա հոս­քը եղած է ընդհան­րա­պէս Մեր­ձա­ւոր Արե­ւել­քի եր­կիրնե­րէն, այդ եր­կիրնե­րուն մէջ ստեղ­ծուած ան­կա­յուն քա­ղա­քա­կան, տնտե­սական եւ այլ իրա­վիճակ­նե­րու պատ­ճառնե­րով:

Երբ Վիեն­նա յի­շենք ան­մի­ջապէս մեր մտքե­րուն մէջ կը պատ­կե­րենք ոչ միայն գե­ղեցիկ քա­ղաք մը, որ ծա­նօթ է որ­պէս դա­սական երաժշտու­թեան մայ­րա­քաղաք, երբ 1970-80-ական­նե­րուն Վիեն­նա­յի ռա­տիոյի սիմ­ֆո­նիկ նուագա­խումբի գլխա­ւոր խմբա­վարն էր Օհան Դու­րեանը: Մեր մտքե­րուն մէջ կը վե­րաթար­մա­նայ կայք հաս­տա­տած Մխի­թարեան միաբա­նու­թիւնը, որուն միաբան­նե­րը 1810 թուի Դեկ­տեմբե­րին ստի­պուած եղան լքե­լու Իտա­լիոյ Թրիեսթէ քա­ղաքը եւ ապաս­տան փնտռե­լու կայ­սե­րական Վիեն­նա­յի մէջ. հոս է, որ աւստրիական ար­քունի­քը միաբան­նե­րուն հո­վանա­ւոր կանգնե­լով թոյլ տուած է այնտեղ հիմ­նել վանք, դպրոց եւ տպա­րան։ Իսկ 2000 թուակա­նին տե­ղի ու­նե­ցաւ Վե­նետի­կի եւ Վիեն­նա­յի Մխի­թարեան միաբա­նու­թիւննե­րու միաւո­րու­մը, ներ­կա­յիս Մխի­թարեան միացեալ միաբա­նու­թեան գլխա­ւոր կենդրո­նատե­ղին Վե­նետի­կի Սուրբ Ղա­զար կղզիի մայ­րա­վանքն է։ Իսկ Վիեն­նա­յի Մխի­թարեան­նե­րու վան­քը՝ առա­ջին գլխա­ւոր մե­նաս­տա­նը, ուր կը պա­հուի շուրջ 2600 հա­յերէն ձե­ռագ­րեր, հա­յերէն եւ օտար լե­զու­նե­րով աւե­լի քան 120 հա­զար գիր­քեր. հոն կա­րելի է գտնել նաեւ հայ պար­բե­րաթեր­թե­րու հա­րուստ հա­ւաքա­ծոյ մը: Միաբա­նու­թիւնը ու­նի նաեւ թան­գա­րան, ուր կը գտնուին հին դրամ­նե­րու եւ եկե­ղեցա­կան զգեստնե­րու եւ յախ­ճա­պակիի հա­ւաքա­ծոներ:

Ինչպէս չյի­շել 1887 Յու­նուարին Վիեն­նա­յի Մխի­թարեան միաբա­նու­թեան կող­մէ հիմ­նուած «Հան­դէս ամ­սօ­րեայ» հա­յագի­տական պար­բե­րաթեր­թը, որ մին­չեւ այ­սօր անընդհատ կը շա­րու­նա­կէ կա­տարել հա­յագի­տական իր առա­քելու­թիւնը:

Վիեն­նա­յի Հայ մարմնակրթա­կան ընդհա­նուր միու­թեան (ՀՄԸՄ) մէ­կու­սի մաս­նա­ճիւ­ղը հիմ­նուած է` 24 Մարտ 1990-ին, որուն հիմ­նա­կան նպա­տակը եղած է հայ­րե­նասի­րական ոգիով հայ ազ­գա­յին գի­տակ­ցութիւն դաս­տիարա­կել: 

Վիեն­նա­յի ՀՄԸՄ-ի մաս­նա­ճիւ­ղը շուրջ 4 տա­րի գնա­հատե­լի աշ­խա­տանք տա­րած է, ու­նե­ցած է մօտ 45 սկաուտներ (արի, արե­նոյշ, գայ­լիկ եւ ար­ծուիկ) եւ 50-է աւե­լի ան­դամներ: Տե­ղի ու­նե­ցած են 3 բա­նակումներ։ 1993-1994 թուական­նե­րուն Միու­թեան աշ­խա­տանքնե­րը խար­խա­փում ապ­րե­ցան: 1994 թուակա­նէն ետք մօ­տաւո­րապէս 25 ան­դամներ մնա­ցին Միու­թեան շար­քե­րուն մէջ: Սկաու­տա­կան աշ­խա­տանքնե­րը դադ­րած էին գո­յու­թիւն ու­նե­նալէ:

ՀՄԸՄ-ը շա­րու­նա­կեց իր գո­յու­թիւնը եւ քա­նի մը ՀՄԸՄ-ական­նե­րու ան­խոնջ կամ­քով տե­ղի ու­նե­ցան մշա­կու­թա­յին զա­նազան ձեռ­նարկներ, դա­սախօ­սու­թիւններ եւ հացկե­րոյթներ: 2010 թուակա­նին, Աւստրիոյ տեղ­ւոյն նոր օրէնքնե­րուն հա­մաձայն ՀՄԸՄ-ը արձանագրե­լու հա­մար՝ գեր­մա­ներէն լե­զուով նոր պաշ­տօ­նական ծրա­գիր-կա­նոնա­գիր կը պատ­րաստուի։

Սու­րիոյ մէջ Մարտ 2011-ին սկսած քա­ղաքա­ցիական պա­տերազ­մի հե­տեւան­քով՝ Եւրոպա հա­սաւ մեծ թի­ւով սու­րիացի ար­տա­գաղ­թողնե­րու ալիք մը, ներառեալ՝ ստուար թի­ւով սու­րիահա­յեր:

Սու­րիոյ պա­տերազ­մէն տու­ժած հայ­րե­նակից­ներ ապաս­տան գտան նաեւ Աւստրիոյ մէջ, ուր սուրիահայերու թի­ւը ներ­կա­յիս կը գնա­հատուի շուրջ 1000: Ազ­գա­յին կեան­քի նուիրուած նո­րահաս­տատ այս հա­յերը փնտռե­ցին ազ­գա­յին կեան­ք, հայ ակումբ եւ զա­նազան հայ­կա­կան եր­դիքնե­րու կող­քին եկան ու գտան ՀՄԸՄ-ի եր­դի­քը: Այս երե­ւոյ­թը եռանդ տուաւ ՀՄԸՄ-ի Վիեն­նա­յի մաս­նա­ճիւ­ղին, վե­րակեն­դա­նացաւ ու նոր շունչով լից­քա­ւորուեցաւ անոր գոր­ծունէու­թիւնը: Այսպէս, ՀՄԸՄ-ի վե­րաբա­ցու­մը տե­ղի ու­նե­ցաւ 15 Նո­յեմ­բեր 2014-ին։

2014 թուակա­նին ընտրուած վար­չութիւ­նը ջանք չխնա­յեց օգ­տա­կար ըլ­լա­լու մեր յար­գե­լի հայ­րե­նակից­նե­րուն, օգ­տուելով նաեւ անոնց ազ­գա­յին վառ հո­գիէն, միու­թե­նական պատ­րաստու­թե­նէն, փոր­ձա­ռու­թե­նէն: Այսպէս, սկաու­տա­կան գոր­ծունէու­թիւննե­րը վերսկսան բար­գա­ւաճիլ: Այ­սօր մաս­նա­ճիւ­ղի սկաուտնե­րուն թի­ւը կը հասնի շուրջ 50-ի, իսկ յանձնա­խումբե­րուն մէջ գոր­ծող ան­դամնե­րուն թի­ւը 25 է: 

ՀՄԸՄ-ի Վիեն­նա­յի մաս­նա­ճիւ­ղի գործունէութիւնը՝ իր ծա­ւալուն հայ­կա­կան մշա­կու­թա­յին նա­խաձեռ­նութիւննե­րով, օգ­տա­շատ յայ­տա­գրե­րով եւ մա­նաւանդ հայ կար­պե­տագոր­ծութեան արուես­տը վե­րար­տադրե­լու, հայ երգն ու եր­գա­րուես­տը աշ­խուժ պա­հելու հո­գեշահ եւ պի­տանի ելոյթներ կազ­մա­կեր­պե­լու ժրա­ջանու­թեամբ, կա­րելի է բարձր գնա­հատել։ 

Վիեն­նա­յի ՀՄԸՄ-ի մաս­նա­ճիւ­ղի բո­լոր ան­դամնե­րուն վարձքը կա­տար, կեց­ցէ՛ք բո­լորդ՝ կազ­մա­կեր­պողներ, մաս­նա­կից­ներ եւ իրա­գոր­ծողներ։ Օ՜ն, նման յայ­տա­գրե­րով շարունակենք ամ­րագրել ու տա­րածել հայ ինքնու­թեան նշա­ձողե­րը, նոր մի­ջավայ­րե­րու մէջ ծա­նօթաց­նել ու ներ­կա­յաց­նել հայ մշա­կոյ­թի գո­հար­նե­րու դա­րավաս­տակ ժա­ռան­գութիւնը։

Ա. Ս. ■