ՂԱԶԱԽՍՏԱՆ – Ասթանայի մէջ Փաշինեան արծարծած է սահմանները ճանչնալու հարցը, Ալիեւ սպառնացած է, Փութին երկուքը հրաւիրած է Ռուսաստան

Անկախ պետութիւններու համագործակցութեան (ԱՊՀ) Ասթանայի համաժողովին՝ Հայաստանի վարչապետը արծարծած է ԱՊՀ-ի երկիրներու միջեւ սահմանները ճանչնալու հարցը։ Ան ժամանակավրէպ համարած է Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) մէջ ԱՊՀ-ին դէտի կարգավիճակ տալու առաջարկը, ընդգծելով երկու հիմնական հարց։ “Արդեօք ՀԱՊԿ-ն կը ճանչնա՞յ 1991-ին հաստատուած ԱՊՀ-ի երկիրներու պետական սահմանները իբրեւ ԱՊՀ-ի հիմնական փաստաթուղթեր։ Սա կարեւոր հարց է, քանի որ խօսքը ՀԱՊԿ-ի պատասխանատւութեան գօտիի եւ գործունէութեան մասին է։ Եթէ հիմնուինք մեկնաբանութիւններու վրայ, ըստ որոնց ԱՊՀ-ի երկիրներու միջեւ սահմաններ գոյութիւն չունին, քանի որ այդ սահմանները զատուած չեն, այդ կը նշանակէ, որ ՀԱՊԿ-ի պատասխանատւութեան գօտին որոշուած չէ, այսինքն ան գոյութիւն չունի”,– ընդգծած է վարչապետը, եւ շարունակած.-

“Շատ կարեւոր է յստակ պատասխան տալ, թէ արդեօք ԱՊՀ-ի երկիրները կը ճանչնա՞ն մէկզմէկու միջեւ 1991-ին հաստատուած սահմանները իբրեւ ԱՊՀ-ի հիմնական փաստաթուղթ։ Այս հարցի դրական պատասխանը էական է ԱՊՀ-ի տարածքին կայունութեան եւ անվտանգութեան համար”։

Փաշինեան նշած է, թէ այդ հարցերը շատ սուր կերպով դրուած են՝ Հայաստանի դէմ Ազերպայճանի վերջին ռազմական յարձակման պատճառով։ Ան ներկայացուցած է ազերպայճանական զօրքերու յարձակման ծաւալն ու վայրագութիւնները։

“Ազերպայճանական ուժերը գնդակոծեցին Հայաստանի 36 բնակավայր։ Աւելի քան 7 հազար 600 հոգի տեղահանուեցաւ։ Զոհերու եւ անհետացածներու թիւը գերազանցեց 210-ը, վիրաւորուեցաւ 293 զինուոր եւ ութ խաղաղ բնակիչ։ 28 զինուոր տակաւին անհետացած կը համարուի։ Ազերպայճանական կողմը ի՛նք տարածած է խոշտանգումներու, գերեվարուած անձերու կամ արդէն մահացած զինուորականներու մարմիններու խեղման սարսափելի տեսանիւթերը”,– դիտել տուած է Հայաստանի վարչապետը։

Ալիեւ կը շարունակէ սպառնալ

Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ իր ելոյթին պնդած է, թէ Հայաստան ցարդ չէ կատարած 2020 Նոյեմբերի եռակողմ յայտարարութեամբ ստանձնած իր պարտաւորութիւնները՝ չէ ապահոված Ազերպայճանէն անխափան մուտք դէպի Նախիջեւանի ինքնավար հանրապետութիւն, ինչպէս նաեւ մինչեւ հիմա իր զօրքերը ետ չէ քաշած Ազերպայճանի տարածքէն։

“Մենք տակաւին համբերութիւն կը ցուցաբերենք, բայց այդ համբերութիւնը անսահման չէ։ Եթէ 2020 Նոյեմբերի եռակողմ յայտարարութեան այդ երկու կարեւոր կէտերը չիրագործուին, մեզի ուրիշ ընտրութիւն չի մնար, բացի համարժէք գործելէ”,– սպառնացած է Ազերպայճանի ղեկավարը։

Ղարաբաղի մասին Ալիեւ ըսած է, որ Փրակայի հանդիպումին ալ այս հարցով միտքերու փոխանակում եղած է, եւ Ազերպայճանի կեցուածքը պարզ է ու յստակ՝ “Ղարաբաղը Ազերպայճան է։ Ղարաբաղի հայ բնակչութեան իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը կ՚ապահովուի Ազերպայճանի Սահմանադրութեան համապատասխան։ Մենք ո՛չ մէկ երկրի հետ չենք պատրաստուիր քննարկելու մեր ներքին հարցերը։ Եւ որքան ես հասկցայ՝ այդ նիւթը Փրակայի  քառակողմ հանդիպման ոեւէ մասնակիցի որեւէ տարակարծութիւն չէ յառաջացուցած”,– նշած է Ալիեւ:

Ան պնդած է, թէ Սեպտեմբերի կիսուն տեղի ունեցած բախումները դադրեցուած են ռուսական կողմի միջնորդութեամբ. “Կ՚ուզէի յատկապէս ընդգծել, թէ ռուսական կողմն է որ հանդէս եկած է կրակը դադրեցնելու առաջարկով, ոմանք այդ աշխատանքը կը վերագրեն այլ երկիրներու, որ բացարձակապէս անհիմն է”։

Փութին Փաշինեանն ու Ալիեւը հրաւիրած է Ռուսաստան

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին Հայաստանի վարչապետին ու Ազերպայճանի նախագահին առաջարկած է հանդիպում ունենալ Ռուսաստանի մէջ, իրենց յարմար պահուն։

“Ես հաճոյքով կը հրաւիրեմ Ազերպայճանի ղեկավարն ու Հայաստանի վարչապետը։ Դուք կրնաք համաձայնիլ թուականին շուրջ”,– ըսած է Փութին, աւելցնելով թէ՝ երկու ղեկավարները կրնան հանդիպիլ Ռուսաստանի որեւէ քաղաքին մէջ՝ Սոչի, Մոսկուա, Ս. Փեթերսպուրկ կամ այլ տեղ, որեւէ ժամանակ։

Փութին եւ Ալիեւ քննադատած են Մաքրոնը

Ասթանայի մէջ նախագահ Փութին քննադատած է նախագահ Մաքրոնը՝ հայ-ազերպայճանական հակամարտութեան մէջ Ռուսաստանի դերակատարութեան վերաբերեալ անոր յայտարարութիւններուն համար։ Ան անընդունելի եւ անպատշաճ համարած է Ֆրանսայի նախագահին ըսածները։

Իր կարգին Պաքու եւս քննդատած է նախագահ Մաքրոնը՝ հարցականի տակ դնելով անոր միջնորդական ջանքերը: