Ալմաթիի մէջ ծայր առած են ԱՊՀ-ի երկիրներու զինուած ուժերու 3-րդ ռազմամարզական խաղերը: Լուրը հաղորդած է Ղազախստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը։
Մրցումները նուիրուած են ԱՊՀ-ի պետութիւններու Պաշտպանութեան նախարարներու խորհուրդի 30-ամեակին: Կը մասնակցին աւելի քան 250 զինուորներ՝ Հայաստանէն, Պելառուսէն, Ղազախստանէն, Քիրկիզստանէն, Ռուսաստանէն, Տաճիկստանէն եւ Ուզպէքստանէն:
«Խաղերու ընթացքին զինուորները ո՛չ միայն կը կատարելագործեն իրենց վարպետութիւնը, այլեւ շփման միջոցով կ՚ամրապնդեն բարեկամական յարաբերութիւնները»,– յայտնած է Ղազախստանի զինուած ուժերու ցամաքային զօրքերու հրամանատար Ալմազ Ճումաքէեւ:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։