Յուլիս 3-ին, Ասթանայի մէջ կայացած է Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Ազերպայճանի իր պաշտօնակից Իլհամ Ալիեւի բանակցութիւնները:
“2022 -ին Ռուսաստան եւ Ազերպայճան ստորագրեցին դաշնակցային հռչակագիր մը, որու բոլոր կէտերը արտացոլուած են իրական կեանքի մէջ”,– ըսած է Ալիեւ:
Իր կարգին Փութին յայտնած է, թէ Ռուսաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ ապրանքաշրջանառութիւնը 2024-ի առաջին կիսամեային 13 տոկոս աճ արձանագրած է: Ան անդրադարձած է նաեւ ռուս-ազերպայճանական յարաբերութիւններու զարգացման հեռանկարներուն՝ աւելցնելով, թէ Ազերպայճանի աւելի քան 300 դպրոցներու մէջ ռուսերէն լեզուն կը դասաւանդուի։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։