Ահաւասիկ նոր գլուխ-գործոց մը, որ մեզի կը հասնի ազերպայճանական կողմէն աշխարհի։ Լուրջ ըլլալու յաւակնող, շուրջ 22 վայրկեաննոց քարոզչական տեսանիւթ մը՝ «Ղարաբաղի քրիստոնեայ եկեղեցիները աւերուած՝ հայ անջատողականներուն կողմէ» տիտղոսով, որ ինքնին խոստմնալից է բովանդակութեան մասին։ Մեր տեսած տարբերակը ռուսերէն բնօրինակին՝ ֆրանսախօս լսարանին համար թարգմանուածն է։
Տեսանիւթը կը սկսի Մարտունիի (որ կը ներկայացուի ազերպայճանական՝ Խոճավանդ անուանումով) շրջանին մէջ լքեալ տաճարի մը լուսարձակի տակ առնուելով։ Հոս կ՚արժէ նշել կարեւոր կէտ մը. դատելով տեսանիւթին տիտղոսէն, անմիջապէս կը ստեղծուի այն համոզումը որ,– հոգ չէ թէ կեղծիքի հիման վրայ,– աւերուած եկեղեցիներու «փաստագրական» ամբողջ շարք մը պիտի ներկայացուի։ Բայց, բնա՛ւ, երբե՛ք։ Անուանապէս, ընդամէնը կը խօսուի երկու եկեղեցիի մասին. մէկը ա՛յս է, իսկ միւսը՝ քիչ անդին պիտի տեսնէք թէ՝ ո՞րն է…
Ուրեմն, վերադառնանք պատմական այս առաջին կոթողին. ան կը ներկայացուի որպէս ռուս ուղղափառ Սուրբ Վերափոխման տաճար, կառուցուած 1894-ին (որուն հիմնադրութեան համար, ի դէպ, տեսանիւթին մէջ աւելի վերջ կատարուած անդրադարձին՝ տարբեր թուականներ կը վերագրուին), զոր Հայերը «բռնագրաւման տարիներուն ամբողջովին աւերած են, պատերը փլցուցած. միայն ճակատի մասը մնացած է։ Հայերը, շինութիւնը քար առ քար քանդած են»։
Հայոց «բռնագրաւում»-էն առաջ շրջանը ծանօթ է եղեր որպէս գիւղատնտեսութեան գօտի, հռչակաւոր է եղեր յատկապէս իր անտառներով։ Բայց 28 տարիներու «բռնագրաւման» ընթացքին՝ հայկական զինեալ ջոկատները փճացուցեր են աւելի քան 4.000 հեկտար անտառ, ծառերը կտրեր Հայաստան տարեր են ու հոնկէ ալ ապօրինաբար վաճառեր են այլ երկիրներու։
Եւ եթէ միայն այսքան ըլլար։ Հայերը ամէն, ամէն ինչ աւերեր, թալաներ են հոն։ Բացի մշակութային եւ պատմական կոթողներէ, աւերեր են նաեւ կրօնական բազմաթիւ յուշարձաններ, ի շարս որոնց մահմետական եւ քրիստոնեայ ուղղափառ աղօթավայրեր։
Ազերպայճանի կրօնական կառոյցներու պետական յանձնախումբի գրասենեակի ղեկավար ոմն Թուրալ Ալիեւի համաձայն՝ հայկական յարձակումէն առաջ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կար 67 մզկիթ, 48.139 տաճար եւ եկեղեցի, ի շարս որոնց՝ 128 ալպանական եւ 3 ուղղափառ։ Ըստ անոր՝ «կ՚ենթադրուի որ Հայոց Առաքելական եկեղեցւոյ կը պատկանի անոնցմէ տասը (ընդգծումը մերն է – Ա.Դ.), որոնք կը գտնուին գլխաւորաբար Խոճավանդի շրջանին մէջ, ուր կար 56 ալպանական տաճար, 5՝ ոչ-ալպանական եւ մէկ ուղղափառ տաճար, ինչպէս նաեւ մզկիթ մը եւ 4 գերեզմանոց»։
«Հայերու աւերում»-ին ենթարկուած այդ ուղղափառ խեղճ եկեղեցւոյ պատմութեան եւ տխուր ճակատագրին մասին իր խօսքը ըսելու հրաւիրուած է Ռուս Ուղղափառ եկեղեցւոյ՝ Ազերպայճանի եւ Պաքուի թեմի մամլոյ բանբեր Հայր Գոնսթանթին Փոմինով, որ կը բացատրէ, թէ այն ատեն շրջանին մէջ տեղակայուած ռուս զինուորներու համար հիմնուած էր նշեալ տաճարը եւ կրնար ընդունիլ մինչեւ 1.000 հաւատացեալ։
Ապա կ՚ըսուի, թէ խորհրդային տարիներուն եկեղեցին տասնամեակներով փակ մնացած է, բայց տեղացիները միշտ խնամք տարած են, պահպանած զայն։ Եւ կը պնդուի, որ 1992-ին եկեղեցին դեռ կը պահպանէր իր անվթար տեսքը եւ այդ մասին կը վկայեն լուսանկարներ։ Ու որպէս ապացոյց կը ցուցադրուի լուսանկար մը, որ այնպէս կը թուի թէ՝ առաւելաբար ճարտարապետական նախագիծ մըն է։
Բայց այս մէկը «հայ զաւթողներու վանդալութեան ենթարկուած» միակ եկեղեցին չէ։ «Շուշիի մէջ 1847-ին կառուցուած Սուրբ Յովհաննէս-Մկրտիչ ուղղափառ եկեղեցին ալ նոյն ճակատագրին ենթարկուած է»։
Եւ հոս, ո՜՜՜՜վ մեծ զարմանք, յանկարծ մեր դիմաց կը ցցուի Սուրբ Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց տաճարը։ Իսկ հրամցուածին դիմանալու համար անհրաժեշտ է ունենալ պողպատեայ ջիղեր։ Ցոյց կը տրուի տաճարին հին մէկ նկարը՝ զանգակատունով ու կլոր գմբէթով, եզրակացնելու համար հետեւեալը.-
«Այս եկեղեցին մեծապէս կը պաշտուէր խորհրդային շրջանին, նոյնիսկ եթէ փակուած էր։ Հին լուսանկարներ յստակօրէն ցոյց կու տան որ՝ ան ունէր գմբէթ մը (ըստ երեւոյթին կ՚ակնարկուի գնդաձեւ գմբէթի – Ա.Դ.) եւ զանգակատուն մը, մինչ գիտենք որ գմբէթը մաս չի կազմեր հայկական աւանդութեան»։ Ու այս ըսուածէն յետոյ ալ ցոյց կը տրուի տաճարին նորօրեայ, անվթար վիճակը, անշուշտ՝ նախքան 44-օրեայ պատերազմին ենթարկուած ազերպայճանական ռմբակոծումները։ Այս երկրորդ լուսանկարին մէջ, տաճարին կլորաձեւ գմբէթը վերականգնուած ու փոխարինուած է կոնաձեւ գմբէթով մը, որ Հայոց վերագրուած «վանդալականութեան փաստ»-ն է։ «Աւերած, աղաւաղած են զայն 1992-ի բռնագրաւման յաջորդած շրջանին»։
Ասոր կողքին, բնականաբար, ոչ մէկ խօսք վերջին պատերազմին՝ հէգ տաճարին վրայ տեղացուած ազերպայճանական ռումբերուն, հասցուած անգնահատելի վնասներուն մասին։
Հոս փակագիծ մը բանալով նշենք որ՝ Շուշիի ջարդերէն յետոյ՝ 1920 թուականին, Սուրբ Ամենափրկիչ տաճարը փակուած է։ Քաղաքի Ազերպայճանցիներուն կողմէ ան սկսած է օգտագործուիլ որպէս պահեստ, իսկ աւելի ուշ՝ որպէս կառատուն։ Այդ ժամանակահատուածին քանդուած են եկեղեցւոյ մուտքին մօտ զետեղուած հրեշտակներու արձանները, աւերուած է գմբէթը (կարեւոր է ընդգծել՝ կոնաձե՛ւ գմբէթը, քանի որ գմբէթի ձեւին վրայ հիմնուելով է, որ տեսանիւթը կ՚ուրանայ տաճարին հայկական պատկանելիութիւնը)։
Արցախեան առաջին պատերազմի ընթացքին տաճարը հակամարտող կողմերուն համար կարեւոր նշանակութիւն ունէր։ Մինչ հայկական կողմին համար ան կը հանդիսանար խորհրդանիշ, ազերպայճանական բանակին ալ՝ Գրադ հրթիռային համալիրներու հրթիռներու պահեստն էր։ Շուշիի ազատագրման ռազմական գործողութենէն անմիջապէս յետոյ հոն այցելած են Արցախի ռազմաքաղաքական եւ հոգեւոր ղեկավարութիւնը։ Իսկ աւերուած կոնաձեւ գմբէթը վերականգնուած է 1998 թուականին։ Փակագիծը փակենք։
Հետեւաբար, կարճ խօսքով՝ Ազերպայճանցիները իրենց ձեռքով քանդածին վրայ հիմնուելով այսօր կը փորձեն կլլեցնել այս խոշոր սուտը։
Այնուհետեւ, վերոնշեալ Հայր Փոմինովը առատ ջուր կը կրէ ազերպայճանական ջաղացքին, Հայոց հասցէին ամէնէն ծանրակշիռ, սուր եւ վիրաւորական պնդումներով, բառամթերքով։
Տեսանիւթին կէսին, տեղ մը, կը վայելենք նաեւ հետեւեալ մարգարիտը (թէեւ ամբողջ տեսանիւթը մարգարիտներու շարան մըն է).-
«Մինչ Հայերը իրենք զիրենք կ՚որակէին ճշմարիտ քրիստոնեայ, ամբողջովին աւերեցին քրիտոնէական մեծ թիւով աղօթավայրեր, ալպանական բազմաթիւ տաճարներ ալ վերածեցին հայկականի (ի շարս որոնց՝ կը յիշուի Դադիվանքը – Ա.Դ.), Ազերպայճանի պատմական ժառանգութիւնը իւրացնելու նպատակով»։
Եւ դեռ՝
– «Հայերը՝ ցեղասպանեցին, ցեղային զտման ենթարկեցին 1.000.000 Ազերպայճանցիներ, զորս տեղահան ըրին»։
– «Բռնագրաւման՝ շուրջ երեսուն տարիներու ընթացքին՝ Հայերը երբեք չընդունեցին հարցը խաղաղ միջոցներով լուծելու նպատակով Ազերպայճանի մեկնած ձեռքը»։
– «2020 Սեպտեմբեր 27-ին, հայկական նոր գրգռութենէ մը ետք, ազերպայճանական բանակը ստիպուեցաւ հակայարձակման անցնելու, որ վերջ գտաւ յաղթանակով» եւ… եւ…։
– «Հայաստանի ղեկավարներն ու հայկական Սփիւռքը հաստատելով որ՝ ռազմական գետնի վրայ կը պարտուին, ինչպէս միշտ՝ փորձեցին հարցը քարոզչութեան դաշտ փոխադրել եւ աշխարհին ցոյց տալ որ կրօններու միջեւ պատերազմ մըն է ընթացողը եւ փորձ կատարեցին ադպէսով ապահովել քրիստոնեայ աշխարհին նեցուկը…»։
Եւ այլն եւ այլն։
Որպէս եզրակացութիւն, տեսանիւթի վերջաւորութեան մօտ, Ազերպայճանի կրօնական կառոյցներու պետական յանձնախումբի գրասենեակի վերոնշեալ ղեկավարը կրկին հանդէս կու գայ ու կ՚ըսէ, որ առանց կրօնի խտրականութեան՝ կրօնական վայրերու պահպանութիւնը, վերականգնումը, կառուցումը Ազերպայճանի կրօնական քաղաքականութեան գլխաւոր բաղադրեալներէն մէկն է։
Իսկ Հայր Փոմինով հաստատելու համար ըսուածը, օրինակը կը բերէ ռուս ուղղափառ վերականգնուած եկեղեցիի մը,– որուն բացումին ալ ներկայ եղեր է հայր Ալիեւը,– ու հարց կու տայ թէ՝ ի տես այս բոլորին, ինչպէ՞ս կարելի է զրպարտել Ազերպայճանը հակաքրիստոնէական վարքի մեղադրանքով։
Տեսանիւթի աւարտէն անմիջապէս առաջ Հայր Փոմինովէն կը լսենք նաեւ հետեւեալ «հոգեթով» խօսքերը.- “Փառք Աստուծոյ, որ արդարութիւնը վերահաստատուեցաւ եւ Ազերպայճան վերատիրացաւ իր հողային ամբողջականութեան։ Եւ վստահ եմ որ՝ մեր նախագահին ու կառավարութեան ղեկավարութեան ներքեւ՝ Ղարաբաղի շրջանը պիտի զարգանայ ա՛լ աւելի քան՝ խորհրդային ժամանակաշրջանին։ Որովհետեւ, վստահ եմ որ՝ թէ՛ մեր իշխանութիւնները, թէ՛ ժողովուրդը կ՚ուզեն որ՝ հոն դարձեալ լսելի դառնան երախաներու խնդուքներ, որ ըլլան երջանիկ ընտանիքներ, թռչունները գեղգեղեն, որ այլեւս երբեք չլսուին կրակոցներ, կեանքը ընթանայ խաղաղ ու հանգիստ, ո՛չ միայն տնտեսական առումով, այլ նա՛եւ՝ հոգեկան եւ մշակութային”։
Եւ, Հայր Փոմինովի այս վարդաբոյր խօսքերէն ետք՝ ահաւասիկ տեսանիւթին փառաւոր վերջաբանը.-
«Արդիական Ազերպայճանը աշխարհին կը ներկայանայ որպէս կրօնական լայնախոհութեան տիպար մը։ Տասնամեակներու ընթացքին, տարբեր դաւանանքներու անդամներ Ազերպայճանի Հանրապետութեան մէջ ապրեցան միասնաբար, բարեկամաբար, համերաշխ ու ներդաշնակ։ Երկրին իշխանութիւնները յատուկ ուշադրութիւն կ՚ընծայեն ուղղափառ եկեղեցիներու, մզկիթներու, սինակոկներու պահպանութեան։ Ազերպայճան ամէնէն կարճ ժամանակէն պիտի վերականգնէ աւերուած մշակութային բոլոր կոթողները, ինչպէս նաեւ եկեղեցիներն ու մզկիթները, զորս Հայերը քանդեցին ազերպայճանական հողերու բռնագրաւման ընթացքին։ Խաղաղութիւնը, բարօրութիւնը, բարգաւաճումը պիտի վերահաստատուին այս հողին վրայ»։ No comment !
Բայց, ինչպէս կ՚ըսենք, չկայ չարիք՝ առանց բարիք։ Ահաւասիկ 21։36 վայրկեաննոց տեսանիւթով մը՝ ափսէի մը վրայ հրամցուած անզուգական առիթ մը, որ լաւագոյնս պէտք է օգտագործուի։ Հայ պատմաբաններ, մասնագէտներ պէտք է դիւրութեամբ կարենան ջրել հոն հիւսուած այնքա՜ն կոպիտ սուտերը, եւ կարենան նաեւ՝ ճշմարտութիւնը իր ամբողջ մերկութեամբ պարզել հանրային կարծիքի աչքերուն առջեւ։
Պայմանաւ որ՝ այդ ճշմարտութիւնը լսելու տրամադրութիւն ունեցողներ գտնուին…
Առ որ անկ է։ (ԻՒՆԷՍՔՕ-ին ականջը խօսի)…
Ա.Դ. ■
Տեսանիւթին կապը.-
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։