Search
Close this search box.

Ճափոնի մէջ առաջին Թումօ կեդրոնը կը բացուի 2025-ին

Թումօ ստեղծարար արհեստագիտութիւններու կեդրոնը կը տեղեկացնէ, թէ Ճափոնի Թաքասաքի քաղաքին (Կունմա նահանգ) մէջ Թումոյի ղեկավարներ Մարի Լու Փափազեան ու Բեկոր Փափազեան եւ Կունմայի նահանգապետ Իչիթա Եամամոթօ ստորագրած են համաձայնագիր մը՝ 2025-ի ամռան առաջին Թումօ կեդրոնը այդ նահանգին մէջ բանալու կապակցութեամբ:

“Համոզուած եմ, որ Թումօ-Կունման կը դառնայ մեր երկրին մէջ հիմնուելիք բազմաթիւ Թումօ կեդրոններէն առաջինը, որ ճամբայ պիտի հարթէ դէպի աւելի ամուր արհեստագիտական յարաբերութիւններու հաստատման՝ Հայաստանի եւ Ճափոնի միջեւ”,– ընդգծած է նահանգապետը: 

Թումոյի կրթական ծրագրին կիրարկումով՝ կեդրոնը 21-րդ դարու հմտութիւններով կ՚ապահովէ 1000 պատանիներ: 

“Մեզի համար կարեւոր է թէ՛ ճափոնցի պատանիներու սորվելու նոր կարելիութիւններ ընձեռելը, թէ՛ ալ միջազգային գործընկերներէն սորվիլը”,– նշած է Թումոյի զարգացման բաժնի տնօրէն Բեկոր Փափազեան: