Յուլիս 12-ին Թոքիոյի ֆիլհարմոնիք նուագախումբին եւ 2021-ին Հայաստանի մէջ «Ա. Խաչատրեան» երաժշտական մրցոյթը շահած ճափոնցի խմբավար Տաիչի Տեկուչիի նախաձեռնութեամբ, քաղաքի նշանաւոր «Suntory Hall» համերգասրահին մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի եւ Ճափոնի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30-ամեակին նուիրուած համերգներ:
Ճափոնի մէջ ՀՀ դեսպանութենէն կը հաղորդեն, որ մինչ այդ՝ Յուլիս 7-ին եւ 10-ին, նուագախումբը համերգներ տուած է նաեւ Թոքիոյի ծանօթ այլ համերգասրահներուն՝ «Tokyo Opera City Concert Hall»-ի եւ «Bunkamura Orchard Hall»-ի մէջ: Համերգաշարը վայելած է ՀՀ դեսպանութեան աջակցութիւնը:
Համերգային յայտագիրը կազմուած է Արամ Խաչատրեանի ջութակի համար եւ սիմֆոնիք ստեղծագործութիւններէն, ինչպէս նաև Գայիանէ պալէէն որոշ հատուածներէ: Համերգներուն համար տպագրուած գրքոյկներուն մէջ ճափոներէնով ներկայացուած է ոչ միայն Արամ Խաչատրեանի եւ վերջինիս երաժշտական ժառանգութեան, այլ նաեւ Հայաստանի մասին ընդհանուր տեղեկութիւններ:
Կատարումները ջերմօրէն ընդունուած են ճափոնցի հանդիսատեսին կողմէ եւ արժանացած երկարատեւ ծափահարութիւններու: Մեծապէս գնահատուած են կատարումները ջութակահարուհի Մայու Քիշիմայի, որ ներկաներու փափաքին ընդառաջելով մեկնաբանած է նաև Կոմիտասի «Կռունկ»-ը:
Դեսպան Արեգ Յովհաննիսեան շնորհակալութիւն յայտնած է կազմակերպիչներուն եւ նուագախումբին՝ գործադրուած ջանքերուն եւ կատարողական բարձր մակարդակին համար, նշելով որ՝ մշակութային շփումները մեծապէս կը նպաստեն ժողովուրդներու միջեւ կապերու ամրապնդման: Այդ կապակցութեամբ ՀՀ դեսպանը խմբավար Տաիչի Տեկուչին պարգեւատրած է դեսպանութեան պատուոյ գիրով:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։