Search
Close this search box.

ՄԱԿ-ը 100 միլիոն տոլար հանգանակելու կոչ ըրած է Արցախէն տեղահանուածներուն օգնելու համար

ՄԱԿ-ի Գաղթականներու հարցերով զբաղող վարչութիւնը 100 միլիոն տոլար հանգանակելու կոչ ըրած է  Արցախէն տեղահանուածներուն օգնելու համար:

Այս կապակցութեամբ կոչը հրապարակուած է  ՄԱԿ–ի կայքին։

Նշուած է, թէ օգնութիւնը անհրաժեշտ է Հայաստանի կառավարութեան իրագործած գործողութիւններուն աջակցելու համար։

Գանձատրման կոչը ուղղուած է ՄԱԿ-ի այլ հաստատութիւններու եւ շուրջ 60 գործընկեր կազմակերպութիւններու։

Կազմուած է Հայաստանի մէջ գաղթականներուն առնչուող կացութեան հրատապ արձագանգելու 6-ամսեայ ծրագիր՝ մինչեւ 2024 Մարտի աւարտը։ Ան նախատեսուած է 231 հազար հոգիի համար` 136.000 գաղթական եւ Հայաստանի 95.000 բնակիչ, որոնք կ՚աջակցին՝ գաղթականները ընդունելով իրենց տուները։

Այս ծրագրով նկատի առնուած են նաեւ մօտալուտ ձմռան դժուարութիւնները։

ՄԱԿ-ը իր կոչով կ՚առաջարկէ աջակցութիւն ցուցաբերել սննդեղէնի եւ բնակարաններու ապահովման, ինչպէս նաեւ կրթութեան ու առողջապահութեան բնագաւառներուն: