Search
Close this search box.

ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի՝ Արցախի հարցով հրատապ նիստը

 

Անգամ մը եւս… լեռը մուկ մը ծնաւ

ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդը, Ֆրանսայի պահանջով՝ Արցախի մէջ ստեղծուած աղէտալի իրավիճակին նուիրուած հրատապ նիստ մը գումարեց Սեպտեմբեր 21-ին, որու աւարտին սակայն որեւէ յայտարարութիւն կամ բանաձեւ չընդունուեցաւ:

Նիստը շատ մը փորձագէտներու կողմէ ուղղակի համեմատուեցաւ «1938-ի Միւնխէնեան համաձայնութիւններ»-ուն հետ, որոնք վերջ գտած էին Չեխոսլովաքիոյ 28.500  քառ. քմ. հողերուն՝ հիթլէրեան Գերմանիոյ կցումով։ Այս հաստատումէն անդին, շօշափելի ոչ մէկ քայլ  հետեւեցաւ նիստին՝ Արցախի Հայութեան օգնութեան փութալու, անոր կենսական ու նուազագոյն իրաւունքները  պաշտպանելու առումով. փոխարէնը՝ ընդհանրապէս պաշտպանուեցաւ այն տեսակէտը, թէ «Արցախը Ազերպայճան է»։ Եւ մինչ Արցախցիին գոյութենական ԱՆՄԻՋԱԿԱՆ վտանգ կը սպառնայ եւ ամէն վայրկեան այդ վտանգը կը մեծնայ, նիստը գոհացաւ քննարկելով «իրաւունք(ներ)» եւ «անվտանգութիւն» եզրերը։

Այլ խօսքով, մինչ Արցախի տաժանակիր ու ներկայիս ալ մարդկային ճշմարիտ ողբերգութեան ենթակայ բնակչութեան՝ փրկութեան լաստ մը ապահովելու յոյսով պահանջուած նիստը, ճիշդ հակառակ արդիւնք տուաւ ու կարելի է ըսել՝ Արցախահայութեան մերժուեցաւ պետութիւն ունենալու իրաւունքը։ 

Ռուսաստանի եւ Թուրքիոյ համար խնդիրը պարզ էր՝ Արցախը Ազերպայճան է ու վերջ. «Արցախի խնդիրը փակուած է, սա Պաքուի ներքին խնդիրն է», այլ խօսքով՝ յարձակումը գրեթէ օրինական է եւ ցեղային զտումի հարց չկայ։ 

Միայն Ֆրանսան է, որ պնդեց ուրիշներու (ուրիշ ազգերու) «պատմութիւնն ու մշակոյթը յարգելով ապրելու կարելիութեան» մասին, որ ի դէպ, իր կարգին, բաւական «ճկուն» մեկնաբանութիւն է։ 

Նիստի մասնակիցներէն շատերու համար կարեւոր հանգամանք էր նաեւ Հայաստանի՝ Արցախով միասին Ազերպայճանի հողային ամբողջականութիւնը ճանչցած ըլլալը։ Եւ թերեւս այս «հաստատում»-էն մեկնելով ալ խօսուեցաւ ճանապարհային քարտէսի մը անհրաժեշտութեան մասին, որով Արցախահայութիւնը կը կարողանայ համարկուիլ ազերպայճանական պետականութեան ու հասարակութեան։

Հոս մէջբերենք շարք մը ելոյթներէ հատուածներ, թէեւ անոնցմէ ոչ մէկը կը գտնուի հայ աշխարհի այս նիստէն ակնկալած արդիւնքի բարձրութեան։ (Բայց իրատես ըլլանք. միայն մօտակայ անցեալի [զանց առնելով պատմութեան դէպքերը] անհամար փորձառութիւններէ ետք՝ միջազգային որեւէ կառոյցէ որեւէ բան ակնկալելու միամտութենէն ձերբազատելու պահը չէ՞ հասած միթէ։ Այն ալ ուրիշ հարց, թէ երբ միջազգային ատեաններ սա կամ նա վճիռը կը կայացնեն, ո՞վ կը լսէ զանոնք, ո՞վ կը յարգէ եւ մա՛նաւանդ՝ որեւէ քայլի կը ձեռնարկուի այդ չլսող, չյարգողներուն դէմ)։

– Մալթա խորապէս մտահոգուած է Արցախի մէջ տիրող իրավիճակով եւ կը դատապարտէ որեւէ գործողութիւն, որ վտանգի կ՚ենթարկէ քաղաքացիներու կեանքը։

– ՄԱԿ-ի Ընդհանուր քարտուղարի՝ Եւրոպայի, Կեդրոնական Ասիոյ եւ Ամերիկայի հարցերու օգնական Միրոսլաւ Ենչա յայտարարեց, որ Արցախի դէմ ռազմական յարձակումը սկսելէ առաջ Ազերպայճան այդ մասին տեղեակ պահած է ռուս-թրքական համակարգման կեդրոնը եւ ռուս խաղաղապահները։ Այս տեղեկութիւնը հաղորդելէ ետք (խոստովանինք՝ որու միտք բանին մեզի անվերծանելի կը մնայ. արդեօք կ՚ուզէր «դրական» երա՞նգ մըն ալ ներմուծել յարձակման հանգամանքներուն մէջ) նշեց, որ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր քարտուղարը շահագրգիռ բոլոր կողմերուն կոչ կ՚ընէ խստագոյնս հետեւելու 2020 Նոյեմբերի յայտարարութեամբ սահմանուած հրադադարին եւ շարունակել կատարել իրենց պարտականութիւնները, յատկապէս անոնք, որոնք կ՚առնչուին միջազգային մարդասիրական իրաւունքի եւ մարդկային իրաւանց չափանիշերուն հետ:

– Ֆրանսան, որ թերեւս հայամէտ կեցուածք ունեցող միակն էր նիստին, նաեւ յայտարարեց, որ «ոչ ոք չի կրնար հաւատալ, որ Արցախի դէմ ռազմական գործողութիւնը կանխամտածուած չէր»։

– Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն համար տեղի ունեցածը ցուցիչ մըն է, թէ տարածաշրջանի խաղաղութիւնը որքան փխրուն է։

– Զուիցերիա նկատելով, որ թէեւ մարտական գործողութիւնները դադրած են (վիճելի այլ կէտ մը), բայց եւ այնպէս իրադրութիւնը կը շարունակէ մնալ չափազանց փխրուն։

– Մեծն Բրիտանիա մտահոգ է այն լուրջ ճնշումներով, որոնց ենթակայ է Արցախի բնակչութիւնը։

– Փեքինի համար առաջնահերթ հարցը, ըստ երեւոյթին, ազերպայճանական յարձակման ընթացքին զոհ գացած ռուս խաղաղապահներու պարագան էր, որոնց ընտանիքներուն ցաւակցութիւն յայտնեց, նշելով որ շարունակաբար կը հետեւի արցախեան իրադարձութիւններու զարգացումներուն։

– Ռուսաստանի ներկայացուցիչը մտատանջող հրատապ հարցը կը թուէր ըլլալ ճանապարհային քարտէսի մը մշակումը, թէ Արցախի բնակչութիւնը ինչպէ՛ս կարելի է (ժամ առաջ) համարկել Ազերպայճանի սահմանադրական կարգին։ Արդէն, իր ելոյթին մէջ փոխանակ Ստեփանակերտ անունին՝ Խանքենտիի գործածութիւնը ինքնին խօսուն փաստ էր անոր մօտեցումին մասին։

– ԱՄՆ յայտարարեց, որ մտահոգուած է Արցախի մէջ Ազերպայճանի ռազմական գործողութիւններու շարունակութեամբ։ (Հոս փակագիծ մը բանալով կ՚արժէ յիշել, որ ազերպայճանական յարձակումէն հազիւ 3-4 օր առաջ ԱՄՆ-ու Արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչը հրապարակաւ յայտարարած էր, թէ իր երկիրը ՊԻՏԻ ՉՀԱՆԴՈՒՐԺԷ որեւէ գործողութիւն Արցախի ժողովուրդին դէմ։ Հաւանաբար, այդ ԱՆՀԱՆԴՈՒՐԺՈՂՈՒԹԵԱՆ պատճառած մտահոգութիւնն է)։ «Կարգաւորման միակ ուղին բռնութեան դադրեցումն է եւ խաղաղութեան հաստատումը», յայտարարեց ՄԱԿ-ի մէջ ԱՄՆ-ու դեսպանը։

– Թուրքիոյ ներկայացուցիչը արդարացնելով Ազերպայճանը՝ ըսաւ, որ Պաքուին այլ ելք չէր մնացած, քան դիմել «հակաահաբեկչական գործողութեան» եւ աւելցուց, որ հիմա ան աւարտած է եւ կ՚ընթանան բանակցութիւններ։ Ան, անդրադարձաւ նաեւ «Զանգեզուրի միջանք» ստեղծելու անհրաժեշտութեան, եւ պնդեց, թէ տարածաշրջանին մէջ դարձեալ ի յայտ եկած է խաղաղութիւն հաստատելու կարելիութիւն, զոր «Հայաստան պէտք չէ մսխէ», ու յորդորեց, ու աւելի տեղին պիտի ըլլար ըսել՝ սպառնաց. «Կոչ կ՚ընենք Հայաստանին եւ շահագրգիռ մնացեալ կողմերուն օգտուելու այս կարելիունենէն եւ չկրկնելու անցեալին ու վերջերս կատարած սխալները և գործելու յանուն Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան ու բարգաւաճման»։

***

Միրզոյեան պահանջեց ՄԱԿ-ի հովանիին ներքոյ տեղակայել խաղաղապահներ

Այս նիստին Հայաստանը կը ներկայացնէր Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան, որ յայտարարեց, թէ անհրաժեշտ է Արցախի մէջ տեղակայել ՄԱԿ-ի լիազօրութեան ներքոյ խաղաղապահ ուժեր:

Միրզոյեան նաեւ պնդեց, թէ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդը պարտաւոր է դատապարտելու Ազերպայճանը, եւ օգնութիւն, ինչպէս նաեւ տեղահանուածներու վերադարձը ապահովելու, Պաքուին պարտադրելու, որ իր զինուորները հայկական խաղաղ բնակավայրերէն քաշէ, ապահովէ տեղաշարժի ազատութիւնը, վերականգնէ կազի եւ հոսանքի մատակարարումը:

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարը  ընդգծեց նաեւ կարեւոր կէտ մը՝ սխալ բանաձեւում մը, որ ի սկզբանէ բոլորովին սխալ պատկերացում կը ստեղծէ։ Ան յայտարարեց, որ պէտք չէ գործածել «հակամարտութեան կողմեր» տարազումը, քանի որ «հակամարտութեան կողմեր չկան, այլ կան ոճրագործներ եւ զոհեր»: Միրզոյեան միաժամանակ հաւաստեց, որ Հայաստան կը փափաքի Ազերպայճանի հետ խաղաղութեան հասնիլ։

Դիւանագիտական ծանրակշիռ սխալ

Իր ելոյթի ընթացքին նախարարը մանրամասնօրէն ներկայացուց Արցախի մէջ ներկայիս տիրող խիստ մտահոգիչ եւ ողբերգական վիճակը՝ նշելով, թէ «Լեռնային Ղարաբաղէն ստացուած պատկերները իսկապէս ցնցող են. անօթեւան կիներ, երախաներ, ուտելիքի կարօտ տարեցներ, իրենց զաւակները յուսահատ փնտռող մայրեր, որոնք կու լան վախէն՝ մտածելով, որ Ազերպայճանցիները կրնան ձերբակալել իրենց ամուսինները: Դժուար է հաւատալ, որ այս ամէնը տեղի կ՚ունենայ 21-րդ դարուն»։ Բերաւ շօշափելի օրինակներ ու փաստեր, եզրակացնելու համար, որ այս պայմաններուն մէջ՝ Արցախի բնակչութեան, ոչ աւելի, ոչ պակաս, գոյութենական վտանգ կը սպառնայ։ 

Հարցն այն է, որ այս նիստի նախօրեակին, վարչապետ Փաշինեան յայտարարած էր. «Հիմա՝ այս պահին, մեր գնահատականն այն է, որ Լեռնային Ղարաբաղի քաղաքացիական բնակչութեանը ուղիղ սպառնալիք չկայ»։ (Ի դէպ, Փաշինեան, յաջորդ օր, դարձեալ կրկնած է նոյնը)։ 

Հայաստանի վարչապետին այս խօսքերը թանկագին զէնք ծառայեցին Ազերպայճանը ներկայացնող Արտաքին գործոց նախարար Պայրամովին, որ զանոնք գործածեց Միրզոյեանի պնդումները անհիմն ու ստայօդ որակելու համար։

Այսպէս, հերքելով բոլոր մեղադրանքները, ան պնդեց, թէ Ազերպայճան «հակաահաբեկչական գործողութեան» ձեռնարկելու ատեն իբրեւ թէ պահպանած է միջազգային օրէնքները, գործածած է գերճշգրիտ զէնքեր, որ չվտանգէ խաղաղ բնակիչներու կեանքը:

«Ինչ որ Հայաստան կը փորձէ ներկայացնել իբրեւ յարձակում խաղաղ բնակիչներու վրայ, իրականումթեան մէջ տեղական հակաահաբեկչական գործողութիւն է»,– ըսաւ Պայրամով:

Ըստ անոր՝ «գործողութեան» ընթացքին ազերպայճանական բանակը գրաւած է 90 յենակէտ, ոչնչացուցած է 20 ռազմակառք, հրետանիի 40 միաւոր, 30 ականանետ, 6 ելեկտրամագնիսական մարտական համակարգ եւ երկու հակօդային պաշտպանութեան համակարգ:

«Ինքնիշխան ոչ մէկ պետութիւն պիտի հանդուրժէր իր տարածքին այսպիսի ապօրինի ռազմական ներկայութիւն»,– ըսաւ ազերպայճանցի նախարարը:

Աւելցուց, թէ ռուսական կողմին միջնորդութեամբ ձեռք բերուած հրադադարի մասին յայտարարութեան մէջ կայ «Ազերպայճանէն հայկական ստորաբաժանումները դուրս բերելու» դրոյթը, եւ այդ կ՚ապացուցէ, որ «Ազերպայճանի Ղարաբաղի շրջանին մէջ հայ զինուորներ կային»:

Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարարը նաեւ ըսաւ, որ Եւլախի մէջ արդէն տեղի ունեցաւ Ազերպայճանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հայերու անդրանիկ հանդիպումը եւ հաւաստեց, որ «Հայութեան բոլոր իրաւունքները պիտի երաշխաւորուին»:

Հարկ է աւելցնել, որ իբրեւ հակազդեցութիւն Պայրամովի այս ամբողջական հերքումներուն եւ վրադիրք ալ Հայաստանի դէմ անոր յղած՝ խաղաղութեան գործընթացը խաթարելու զրպարտութիւններուն՝ Միրզոյեան լքած է դահլիճը։