ՄԱԿ-ի Արդարադատութեան միջազգային ատեանը ընդառաջած է միջանկեալ միջոց կիրարկելու Հայաստանի 5-րդ դիմումին՝ ընդդէմ Ազերպայճանի: Հայաստան այս դիմումը ներկայացուցած էր տարւոյս Սեպտեմբեր 28-ին՝ Արցախի վրայ ազերպայճանական յարձակումէն եւ Հայերու բռնի տեղահանումէն յետոյ: Միջանկեալ միջոցի կիրարկումով՝ Ատեանը Ազերպայճանին կը հրահանգէ երաշխաւորել փափաքողներու վերադարձը Արցախ, հոնկէ մեկնիլ փափաքողներու անխոչընդոտ ելքը՝ ապահով պայմաններու մէջ, ինչպէս նաեւ՝ մնացողներու ապահովութիւնը:
Ատեանը նաեւ Պաքուին կը պարտադրէ պահպանել Հայերու ինքնութիւնն ու անձնական սեփականութեան նկատմամբ իրաւունքը հաստատող բոլոր փաստաթուղթերը եւ զանոնք հիմք ընդունիլ հետագային: Ազերպայճան պէտք է ութ շաբաթէն ներկայացնէ հաշուետւութիւն՝ նշեալ պարտաւորութիւններու կատարման վերաբերեալ։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։